Եւրոպական նոր ծրագիրը. փորձութի՞ւն կամ ցաւի նոր փորձառութիւն

Վերջին օրերուն հայկական միջավայրին ու յատկապէս հանրային կարծիք ձեւաւորողներու ընդհանուր շրջանակին մէջ տիրական դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու դառնալու հարցը։ Ի հարկէ թեման ծլարձակում ապրեցաւ Եւրոպական ատեանին առջեւ, ուր եւրոպացի հարիւրաւոր պատգամաւորներ իրենց «այո»ն ըսին ու յայտնեցին, որ իրենք կը սատարեն, որ Հայաստան ներկայացնէ իր անդամութիւնը Եւրոպական Միութեան։

Ի հարկէ այս զարգացումը ունեցաւ ու դեռ ալ պիտի ունենայ ներքին դրոյթներ եւ տարբեր առումներով ալ պիտի ազդէ երկրի ներքին-քաղաքական իրականութեան վրայ։

Գլխաւոր օգտուողն անշուշտ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի ըլլան, որոնք ամէն օր աւելիով կը փորձեն իրենց ոտքերը հաստատել Արեւմտեան տիրոյթին մէջ։

Մինչեւ հոս, կրնար նոյնիսկ խնդիր մը չծագիլ, եթէ ի հարկէ հաշուի չառնէինք Ռուս-Ուքրանական արիւնալի պատերազմէ ու անոր հետեւանքով ալ գոյացած Արեւմուտք-Ռուսիա մեծ թշնամութիւնը, որուն առընթեր ալ կան բազմապիսի մտահոգութիւններ մասնաւորապէս Հայաստանի վիճակը ունեցող փոքր երկիրներու համար։

Անկախ անկէ, որ Եւրոպա եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ ժամանակներուն ամէն գնով պիտի փորձեն Ռուսիոյ հետ «լեզու գտնել», բայց եւ այնպէս այսօր ստեղծուած լարումները պիտի ունենան իրենց բնական զոհերը։

Հայաստանի շարքային քաղաքացիներէն շատեր այսօր ստեղծուած պատկերին առջեւ հարց կու տան, որ արդեօք «արդէն ունինք երկու հիմնաւոր եւ վտանգաւոր թշնամիներ, ու այս չէր բաւէր մեզի, որ այսօր ալ կը փորձենք նոր թշնամի մը «վաստակիլ» ի դէմս՝ Ռուսիոյ»։ Հարցը անշուշտ հռետորական չէ, զգացական կամ նոյնիսկ պատմականութեան, սխալներու, իրար հանդէպ անվստահութիւններու կուտակումներով եղած կորուստներու մասին չէ միայն, այլ պարզ, սովորական եւ նոյնիսկ «բրակմաթիք» մօտեցումներու, ըստ որոնց ցայսօր ալ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ աճիլ շնորհիւ Ռուսաստանեան դրամագլուխներու, ըլլայ այն պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած ռուսներու գործունէութեամբ, կամ նոյնիսկ ուղիղ Ռուսիոյ եւ ԵԱՏՄ երկիրներու հետ շարունակուող դրամական հոսքով կամ գործառքներով։

Սա ամէնակարեւոր փաստն է հասկնալու համար, որ ինչքանով Հայաստան կը շարունակէ «կապուած» մնալ Ռուսիոյ հետ, որուն հետ կապի խարխլումները բնականաբար ծանր հարուած պիտի ըլլան, պատերազմի ահ ու մահէն նոր դուրս գալ փորձող փոքրիկ Հայաստանին համար։

Այս բոլորի լոյսին ներքոյ է նաեւ, որ Եւրոպան, որպէս «քաղցրաւենիք» ներկայացնող այսօրուայ իշխանութիւններու կատարած փորձը կրնայ իրողապէս փորձութիւն դառնալ մեզի համար։

Ճիշդ է, որ ռուսական կողմը միշտ ալ փորձած է «սառը հայեացքով» դիտել այս բոլորը ու նաեւ նախընտրել հարցերը «տաք-տաք չծեծել», բայց եւ այնպէս Ուքրանիոյ ճակատներու երկայնքով տեղի ունեցող զարգացումները ու մանաւանդ ռուսական բանակին գրանցած յաջողութիւնները իրողութիւնները կտրականապէս կրնան փոխել…։

Ինչքան են ռազմական նոր իրավիճակներու թատերաբեմ դառնալու ռիսքերը անշուշտ տակաւին յստակ չէ, բայց աւելի քան պարզ է, որ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ «ծանր լարման» գօտիի մէջ ու այս առումով ալ մտահոգիչն այն է, որ հիմնական տուժողը եւ թոյլ օղակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանը։

Յառաջիկայ ժամանակները անշուշտ ցոյց պիտի տան, թէ Ռուսաստան ինչ կերպ պիտի «պատասխանէ» Հայաստանին ու անկէ ետք ալ պարզ ու մէկին պիտի երեւելի դառնայ Հայաստանի ընդհանուր թուլութիւնը, որուն դիմաց ալ Եւրոպան կամ նոյնիսկ «Հաւաքական արեւմուտք»ը պիտի շարունակէ հանդէս գալ իբրեւ դիտորդ, դիտող կամ հանդիսատես։

Ի հարկէ ուրախութեամբ չէ, որ այս վերլուծումները կը ներկայացնեմ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթը ընթերցողներուն, բայց եւ այնպէս նման իրավիճակներուն առընթեր սթափ եւ անաչառ վերլուծումներ կատարելը աւելի քան կարեւոր է, երկրի մը պարագային որ յայտնուած է բաւականին բարդ վիճակներու առջեւ։

Ի դէպ այս բոլորին մասին ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է հայրենի քաղաքագէտ՝ Վահէ Յովհաննիսեանը եւ վերջինիս գրութիւնը արեւմտահայերէնի պատշաճեցնելով կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեանը։

Վահէ Յովհաննիսեան կը գրէ՝

«Հայաստանը Եւրոպա է եւ վերջ». Այս Նիկոլի նոր կարգախօսն է, որ ծանր զուգորդութիւն կ’առաջացնէ տարիներ առաջ հնչեցուցած անոր մէկ այլ «վերջի» մը հետ։ Թէ ինչով աւարտեցաւ այն, գիտենք բոլորս։ Թէ ինչով պիտի աւարտի այս վերջը, կրնանք կանխատեսել այս պահուն։

Եւրոպան այսուհետ պիտի ըլլայ այն «քաղցրաւէնիք»ը, որով այս իշխանութիւնը պիտի կազմակերպէ իր բոլոր գործընթացները։ Սա շատ կարեւոր է հասկնալ, որպէսզի կարողանանք ճիշդ հանրային դիմադրութիւն կազմակերպել։ Իշխանութիւնը պիտի դնէ վտանգաւոր, բայց գրագէտ-հաճելի պատմութիւն, եւ մեր խնդիրը պիտի ըլլայ՝ այն հակակշռել գրագէտ-առողջ պատմութեամբ։ Այսինքն՝ եթէ կրկին շարժինք «Հայաստան առանց թուրքի» կարգախօսի համազօր՝ «Հայաստան առանց Եւրոպացիի», ուրեմն պիտի ձախողինք։

Եւ այսպէս.

– Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները, ներառեալ՝ տարածքային, ՀՀ իշխանութիւնները պիտի բաւարարեն «այս է Եւրոպա երթալու գինը» ձեւակերպմամբ։

– Սահմանադրական նուաստացուցիչ փոփոխութիւնները պիտի բաւարարուին՝ «այս է Եւրոպա երթալու գինը»։

– Ռուսիոյ հետ առճակատումը եւ անոր ցաւոտ ընկերային-տնտեսական (առնուազն) հետեւանքները ժողովուրդին պիտի ծախեն՝ այս է Եւրոպա երթալու գինը ձեւակերպմամբ։

– Ներքին այլանդակ բոլոր քայլերը, որոնք մարդոց կեանքն էապէս պիտի դժուարացնեն, պիտի արդարացուին՝ այս է Եւրոպա երթալու գինը։

Եւրոպան առանց որեւէ յստակութեան «շաքարեղէն» մըն է, որ պիտի կախուի հայ հաւաքական մտքի ու զգացումներուն վրայ, եւ այդպէս հայ ժողովուրդը պիտի տանին անդունդ կրկին անգամ, այս անգամ՝ անհաւատալի չափերով։

 

Եւրոպան, ուր մեզ չեն սպասեր.

Շատ կարեւոր է ի սկզբանէ ճիշդ ձեւակերպել հակա-պատմութիւնը: Եւրոպան մեր թշնամին չէ, Եւրոպան այս պահուն Ռուսիոյ թշնամին է, բայց մենք կրնանք դառնալ Եւրոպա-Ռուսիա հակամարտութեան նոր տարածք։ Բառին բուն իմաստով՝ ռումբեր ու հրթիռներ իյնալու տարածք։ Նոր ժամանակներուն, երկիրները կը նախընտրեն պատերազմները վարել միջնորդաւորուած կերպով եւ այլոց տարածքներուն մէջ։

Մենք այսօր ամէն կերպով կը ձգտինք դառնալ Միացեալ Նահանգներ/Եւրոպական Միութեան-Ռուսիա հակամարտութեան նոր «ֆիզիքական մարտադաշտը»։ Եւրոպան չունի ՀՀ անվտանգութիւնն իրապէս ապահովելու որեւէ լծակ։ Եւ վերջապէս՝ Եւրոպայի մէջ մեզի ոչ ոք կը սպասէ։ Աւելի պարզ՝ մեզ կը սպասեն այնպէս, ինչպէս Ուքրանիան կը սպասէին։

Հարցում. մենք ա՞յդ է, որ կ’ուզենք։

 

Եւրոպան՝ որպէս լաւ գործընկեր

1991-էն ի վեր Հայաստան ունեցած է ճիշդ օրակարգով լաւ զարգացող յարաբերութիւններ Եւրոպայի հետ։ Այստեղ ամենակարեւորը ճիշդ օրակարգն է։

 

Լ. Տէր Պետրոսեանի օրօք կնքուած է Հայաստան-Ռուսիա ամենակարեւոր փաստաթուղթը, ռուսական աջակցութեամբ մենք յաղթած ենք ղարաբաղեան պատերազմը, բայց Արեւմուտքի հետ ունէինք փայլուն զարգացող յարաբերութիւններ։

 

Ռ. Քոչարեան օրօք Ռուսիոյ հետ ե´ւ անվտանգային, ե´ւ միւս բոլոր առումներով ունէինք ամենաբարձր, վստահելի յարաբերութիւնները, միեւնոյն ժամանակ Ցեղասպանութեան ճանաչման բուռն գործընթաց ընթացաւ ողջ արեւմտեան աշխարհով։ Հայաստանի հիմնական խոշոր ներդրումներն Արեւմուտքէն էին՝ Քըրքորեան, Էռնեկեան, Գաֆեսճեան, Սէմ Սիմոնեան, Ալպէր Պոյաճեան, Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան, Ճ. Թուֆէնքեան եւ այլն, մինչեւ անգամ ՝«հազարամեակներու մարտահրաւէրներու ծրագիր»։

 

Ս. Սարգսեանի օրօք երկարաձգուեցաւ ռուսական ռազմակայանի պայմանագիրը, ռազմակայանը էապէս արդիականացաւ։ Հայաստանը ստացաւ գերժամանակակից զինատեսակներ, եւ արեւմուտքը ատիկա համարեց բնական։

Հայաստանը դարձաւ ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) անդամ, որու շնորհիւ առ այսօր ՀՀ տնտեսութիւնը կը կարողանայ աճ արձանագրել։ Բառին բուն իմաստով՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շնչէ ԵԱՏՄ հնարաւորութիւններուն շնորհիւ։ Միեւնոյն ժամանակ 2017-ին կնքուեցաւ CEPA-ն՝ Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։

 

Փոխկապակցուած թեմա է հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Մինչեւ 2018 նման գրագէտ-հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ կարելի եղած է չէզոքացնել թրքական գործօնը որպէս կենսական սպառնալիք։

 

Հետեւութիւն.

Արեւմուտքի հետ ճիշդ օրակարգ դնելու պարագային կը ստանանք լուրջ գործընկեր եւ մեծ օգուտ։ Սխալ օրակարգի պարագային Արեւմուտքը ոչինչ կրնայ առաջարկել՝ ո´չ անվտանգութիւն եւ ո´չ տնտեսական զանազանութիւն։ Այդ հեքիաթ է, ինչ որ տեսած է մեր բարեկամ Վրաստանը, որ շիշ մը գինի չէր կրնար վաճառել Եւրոպայի մէջ, իսկ հիմա բազմապատիկ մեծցուցած է իր արտածումը Ռուսիա, եւ այդ մէկը այսօր կը տեսնէ ուքրանացի ժողովուրդը, որ կը մեռնի հրթիռներու տակ, իսկ եւրոպական հարեւան պետութիւնները խոչընդոտներ կը ստեղծեն ուքրանական ապրանքներուն համար՝ իբր լեհ հողագործներու ու վարորդներու տեսքով, եւ իբր քոնկրէսի անհամաձայնութեամբ։

 

 Սագօ Արեան