ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՇԱՏ ՄՕՏ ԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ»

Պաքուի 11-րդ համաշխարհային ֆորումին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան։

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, ան յայտնած է, որ Թուրքիա լիովին կ’աջակցի բանակցութիւններու խաղաղ յառաջընթացին։

«Մենք պէտք է ստեղծենք համակարգ մը, որ հիմնուած է միջազգային կանոններու վրայ։ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը 30 տարի մասնակցած է Հարաւային Կովկասի մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցի շուրջ բանակցութիւններուն։ Հակամարտութիւնը լուծելու փոխարէն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը փորձած էր ձգձգել բանակցութիւնները», ըսած է Ֆիտան։