Աշխարհի բոլոր խորհրդարանները մեծ դերակատարում ունին ցեղասպանութիւններու եւ ահաբեկչութիւններու դէմ պայքարին մէջ:
ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ, ամփոփելով Չեխիոյ Հանրապետութեան պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէկի հետ հանդիպման արդիւնքները, ՀՀ ԱԺ նախագահը ընդգծեց, որ հայը այն ազգն է, որն ահաբեկչութիւն տեսած է ցեղասպանութեան տեսքով: «Մենք ամենալաւն ենք զգում այդ սարսափելի յանցագործութեան կործանարար հետեւանքները, դրա համար այդ խնդիրները միշտ մեր ուշադրութեան կենտրոնում են»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նշած է Գալուստ Սահակեան:
Չեխիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէկը կը կիսէ այդ տեսակէտը, որ անցեալը հարկաւոր է միշտ յիշել ու անկէ դասեր քաղել: «Մեծ ուրախութեամբ կրնամ նշել, որ Չեխիոյ Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ գտնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարբեր ձեռնարկներու»,- ըսած է Համաչէկը:
Հարցումին, թէ Չեխիոյ խորհրդարանը կը պատրաստուի՞ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելու` հաշուի առնելով նաեւ, որ երկու տարի առաջ Չեխիոյ նախագահը օգտագործած է Ցեղասպանութիւն եզրոյթը, Համաչէկը պատասխանած է. «Ինծի կը թուի, որ ես իմ վերջնական խօսքիս մէջ բաւական պարզ արտայայտուեցայ: Եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը եւս բաւական պարզ ձեւով արտայայտուած է այս հարցին վերաբերեալ»:
Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէն 2015 թուականի Ապրիլ 14-ին միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ մը:
Բանաձեւը, վկայակոչելով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ 1948-ի Դեկտեմբեր 9-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժի» մասին հռչակագիրը, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններուն, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններուն որոշումները, կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը: