ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՉԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ

Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ կոչ ուղղած են Եւրոմիութեան առաջնորդներուն երաշխաւորելու, որ Եւրոմիութիւնը գործուն քայլերու ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան գծով:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Միրիամ Լեքսման X-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրառում կատարած է՝ կցելով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լեյէնի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթ Մեցոլայի հասցէագրուած ծաւալուն նամակի բովանդակութիւնը:

«Մենք՝ Եւրոպական Խորհրդարանի ներքոյ ստորագրեալ անդամներս, անհանգստացած ենք, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման, պղծումի եւ իւրացումի անմիջական սպառնալիքին տակ՝ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշումին խիստ խախտումով: Այդ տուեալները մեր Եւրոպական ժառանգութեան կարեւոր մասը կը կազմեն, եւ մեր պարտքն է ապահովել անոնց պահպանումը։
2020 թուականի պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ աւերուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան խորհրդանշական տուեալներ՝ եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ՝ օտարացած են, իսկ հայկական արձանագրութիւնները՝ ջնջուած են հայկական եկեղեցիներու եւ տապանաքարերու պատերէն», արձանագրուած է նամակին մէջ։