ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին պիտի քննարկուի Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը։

Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչին խօսքերը։

Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսէլի մէջ ընթացող նիստի օրակարգին, ի թիւս այլ նիւթերու, օրակարգին վրայ պիտի ներառեն նաեւ Եւրոմիութեան կողմէ աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։
Բացի անկէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ Ուքրանիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը։