Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Բարեգործական Համերգը

Հոգեպարար շաբաթավերջ մը ըմբոշխնեց Մոնթրէալահայ գաղութը:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական, ընկերակցութիւնը (AMAC) վեհ գաղափարը ունեցած էր 15 Մարտ 2024-ի երեկոյեան կազմակերպելու համերգ մը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուէր արցախցիներուն, հզօրացնելու զանոնք, որպէսզի վերականգնեն իրենց փլուզուած կեանքը:

Սոյն երեկոյթը նուիրուած էր ի յիշատակ Արցախի պաշտպանութեան համար, ճակատամարտի վրայ ինկած հերոսներուն, հայ ռազմագերիներուն, որոնք կը շարունակեն անարդարօրէն մնալ գերութեան մէջ եւ արցախցի քաղբանտարկեալներուն, որոնք անարդարօրէն կը պահուին թշնամիին բանտերուն մէջ:

Մասնաւորաբար ներկայ էր «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան» Արցախի ներկայացուցիչ՝ երիտասարդ Վիկտոր Կարապետեանը:

Հանդիպում «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրատան մէջ

            Համերգի նախօրեակին, 14 Մարտին, Վիկտոր Կարապետեան ԱՀԱԸ-ի Արցախի ներկայացուցիչ առիթ տրուեցաւ այցելել հայկական ազգային հաստատութիւնները՝ վարժարաններ, միութիւններ, եկեղեցիներ ու խմբագրատուներ, որոնց կարգին, մենք ալ հաճոյքն ունեցանք իր ներկայութիւնը վայելելու «ԱՊԱԳԱՅ»-ի խմբագրատան մէջ: Իրեն կ’ընկերակցէր Յարութ Ներսէսեան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Գանատայի մէջ:

Մտերմիկ ու սրտբաց խօսակցութիւն մը արագօրէն ջերմացուց մթնոլորտը…: Առաջին անգամն ըլլալով, գոնէ ես, դէմ հանդիման կու գայի բնիկ արցախցիի մը: Ժպիտ մը, որուն տակ թաքնուած էր, դառնութիւն ու տխրութիւն, սակայն անդրդուելի կամք ու անյողդողդ նայուածք:

Լուռ էր Վիկտոր Կարապետեան, մինչ մենք՝ Յարութ Ներսէսեան, խմբագիր՝ Աւետիս Պագգալեան եւ ես, զուարթ ու համարձակ կարծիքներ կը փոխանակէինք…:

Մինչեւ այն ատեն, երբ հարց տրուեցաւ Արցախցիներուն այժմու հոգեկան վիճակին մասին, մանաւանդ կորսնցուցած հողերու տագնապին պատճառով: Ճիշդ այդ պահուն էր, որ ակնթարթի մը մէջ Կարապետեան փոխուեցաւ: Պատշաճօրէն պոռթկաց… չընդունեց պարտութիւնը… խօսեցաւ սրտով… հոգիով… Արցախցին էր որ կը խօսէր… բոլոր Արցախցիներու անունով… արիւնով…: Կարապետեան բնաւ չէր հեռացած անմիջական ճակատէն – մահուան ճակատէն… մինչեւ վերջին բաժանումը:

Վիկտոր Կարապետեան մասնակցած է Արցախեան երեք պատերազմներուն՝ 2016-ին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, 2020-ին 44-օրեայ պատերազմին, 2023-ի Սեպտեմբերի վերջին հակամարտութեան, նաեւ դիմադրեր էր 2020-ի պատերազմին յաջորդող շրջափակմանը երբ դադրած էր Արցախի անհրաժեշտ ծառայութիւններու մատակարարումը:

Համերգը

Յաջորդ օրը 15, Մարտ 2024 երեկոյեան, Հայ Աւետարանչական եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ու ներկայութեամբ Գանատայի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Քէպէքի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանի, համերգը տեղի ունեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ:

Ազգային քայլերգներու յոտնկայս կատարումէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Սալբի Ներսէսեան (հայերէն), ընկերակցութեամբ Նանիա Փիլիպոսեանի (ֆրանսերէն):

Վերապատուելի Ճորճ Տապօ, իր օրհնաբեր բարի գալուստն ու աղօթքը կատարեց:

Յայտագրի պատշաճ յաջորդականութիւնը գնահատելի էր: Էլի Պէրպէրեան Կոմիտասէն ու Սայաթ Նովայէն յետոյ «Ազգ իմ փառապանծ»ով խանդավառեց ներկաները: Էլի Պէրպէրեան ունի շնորհքն ու հմայքը ջերմացնելու մթնոլորտը եւ ա’յդ ըրաւ «Ախպէրս ու ես»ով ու մանաւանդ «Հայեր միացէք» երգերով: Բոլորս միշտ վայելած ենք Շուշանիկ Մելքոնեանի արուեստաւոր ասմունքի ելոյթները, սակայն այս անգամ իր զոյգ գրական համադրումներով գերազանցեց ինքզինքը (յոտնկայս ծափահարութիւն): Ակներեւ էր տուտուկի մեղմ ու յուզիչ ընկերակցութիւնը Վաղարշակ Ատամեանի կողմէ:

Տեսերիզի ցուցադրութիւնով մեզի ներկայացուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Այստեղ հպարտութեամբ կարելի է յիշել՝, որ այս վերջինի նախաձեռնութեամբ «Reviv» ի ծրագիրն է օժանդակել, վերապրացնել ու սպիացնել Արցախցիներու թարմ վէրքերը:

.

Յարութ Ներսէսեան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական, ներկայացուցիչը, Գանատայի մէջ, հանգամանօրէն ներկայացուց Վիկտոր Կարապետեանը որ պիտի փոխանցէր Արցախի ու Արցախցիներու ձայնն ու այժմեան պատկերը:

Մենք կրկին ըմբոշխնեցինք Վիկտոր Կարապետեանի կուռ ու ինքնավստահ արտայայտութիւնը այսինքն նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան սրտի-կոչի խօսքը:

Յայտագրին շարունակութիւնը եղաւ հեզասահ ու խանդավառ: Գրիգոր Ոսկերիչեանի «Կռունկ գնա»ն եւ «Կիլիկիա»ն (մեներգ), հմայիչ էր Յովհաննէս Էփոյեանի երաժշտական ընկերակցութիւն -Key board-ով  ինչպէս նաեւ «իմ սիրոյ հասակ»ը եւ «Գետաշէն»ը Գառնօ Սիմոնեանի «saxophone»-ի կատարումով, որ զգալիօրէն յուզիչ էին. իսկ «Խաչին զինուոր»ի ու «Օրհնութիւն»ի հոգեւոր երգերով՝ ԱՀԱԵ-ի երիտասարդաց նուագախումբը փառաբանեց իր բազմատեսակ երաժշտական գործիքներով:

Ինչպէս միշտ, յուզումով եւ մաքուր առոգանութեամբ Սալբի Ներսէսեան, որ ընդգրկած էր համայն յայտագիրը, փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ նիւթապէս օժանդակող ազգայիններուն ինչպէս նաեւ բոլոր յայտագիրի աջակցողներուն՝ որոնք սիրայօժար կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին սոյն համերգին:

Ճիշդ է, որ Պատուելի Մարտիրոս Էյլէնճեանի հոգեզգած աղօթքով վերջ կը գտնէր յայտագիրը, սակայն երեկոն իր «համերգ»ի սահմանափակ բնոյթէն դուրս եղած էր: Խուռներամ ներկաներու հոգեկան ու ազգային սկիհը պատրաստ էր իր յուսատու հաղորդութիւնը տալու: «Բարեգործական համերգ» մը չէր սոսկ, այլ «համերգ մը խորհրդածութեան»: Խորհրդածութի՜ւն մը որ «հայ հոգիին համար կրնայ դառնալ զրահանդերձ մը փայլուն, խաչերը՝ դաշոյն եւ երգը միշտ յաղթութիւն…»:

 

Պերճ Գոգորեան