Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, պատմական զբօսապտոյտը սկսաւ Եգիպտոսի մէջ:
Մարտ 16-էն մինչեւ 3, Ապրիլ, 19 օրերու ընթացքին, խումբը պիտի այցելէ Եգիպտոսի պատմական վայրերը, քաղաքներն ու ազգային կառոյցները:
34 հոգիէ բաղկացած այս խումբին անդամներէն 20-ը արդէն 15 Մարտին ժամանած են Գահիրէ ու կատարած յաւելուածական պտոյտ մը:
Խումբը լրիւ կը հասնի 16 Մարտին: Այդ օրուայ յայտագիրը կը սկսի «Կոկանեան Սրահ»-ի մէջ տեղի ունենալիք հիւրասիրութեամբ եւ «Յուսաբեր»-ի պարային ելոյթով:
Եգիպտոսի պտոյտին մասնակցողները իրենց ներկայութեամբ աւելի խանդավառեցին հետեւեալ երեք ձեռնարկները՝
1) Մարտ 16-ի յետ միջօրէին «Կոկանեան Սրահ»-ի հիւրասիրութիւն-ընդունելութիւնը:
2) Մարտ 16-ի երեկոյեան «Յուսաբեր Մշակ. Ընկերակցութիւն»ի կազմակերպած ճաշկերոյթը:
3) Մարտ 17-ի երեկոյեան «ՀՄԸՄ Նուպար»-ի կազմակերպած ճաշկերոյթը:
Արթօ Մանուկեան յիշատակի գնահատագիրեր յանձնեց «Կոկանեան Սրահ»-ի եւ «ՀՄԸՄ Նուպար»-ի վարչականներուն առ ի գնահատանք ԹՄՄ-ականներու հանդէպ իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան:
Միութենական այցելութիւններու առընթեր 34 հոգինոց խումբը առաջին օրուայ ընթացքին առիթը ունեցաւ վայելել բուրգերն ու զանազան մի քանի կրօնական ու պատմական վայրեր: