«ԿԱՆԱՆՑ ՕՐ» ԿՈԿԱՆԵԱՆ ՍՐԱՀԷՆ ՆԵՐՍ

Կոկանեան Սրահի վարչութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած «Կանանց Օր»ը կայացաւ սոյն թուականի Մարտ 16-ին։ Օրուան նախագահուհին էր Տիկ. Մարի Գազանճեան։

Տարիներէ ի վեր աւանդոյթ դարձած է այս միջոցառման հրաւիրել բանախօս մը, որ օրուան խորհուրդին համեմատ կը ներկայացնէ հետաքրքրաշարժ նիւթ մը. այս տարուան հիւրն էր New Generation International School-ի տնօրէնուհի, տիկ. Նայիրի Սիմոն։

Քսանամեայ մանկավարժական փորձառութեամբ հարուստ տիկ. Նայիրին, գրաւիչ տեսանիւթերու եւ պաստառի մը վրայ ցուցադրուող գիտելիքներով, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 21-րդ դարու դաստիարակութեան հրատապ խնդիրներուն։ Արագընթաց այս ժամանակին մէջ ծնողաց  առջեւ դրուած  մարտահրաւէրներուն, իրենց զաւակներուն հետ քայլ պահելու, անոնց ժամանակ տրամադրելու, լսելու, իրենց տրամաբանութեամբ մտածել փորձելու, զանոնք սիրաշահելու, համբերութեամբ ու սիրով ամեն հանգոյց լուծելու նման կարեւոր հարցեր հնչեցին երեւի շատ ծնողներ մտահոգեցնող այս ներկայացման ընթացքին։ Թէքէեան Սրահէն ներս հաւաքուած կանայք, առաւելաբար` մայրերը ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Տիկ. Նայիրին շատ պարզ, ըմբռնելի ու հաճելի ոճով մը ներկայացուցած խնդիրներն ու նաեւ անոնց որոշակի լուծումները։

Կոկանեան Սրահի տիկնայք ծաղիկներով ու յուշանուէրով մը պատուեցին օրուան նախագահուհին ու բանախօսը։

Հաճելի էր համակիրներու՝ առաւել եւս կանանց  հաւաքոյթը տեսնել Կոկանեան Սրահի պարտէզէն ներս, որուն սեղանները, ինչպէս միշտ առատօրէն ճոխ էին համեղ ուտելիքներու բազում տեսակներով։ Այս օրերուն երբեք Գարուն չաւետող ցուրտը, երկչոտ արեւը, ամպոտ երկինքն ու սուր քամին կարծես թէ այդ ժամերուն համաձայնած էին առիթ տալ մեր սիրասուն կանանց` քիչ մը ջերմութիւն վայելելու հոգեհարազատ այդ կանաչին մէջ…

Հաճոյքով պիտի յիշենք որ օրերս Քանատայէն Եգիպտոս ժամանած է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներէն 34 հոգիներէ բաղկացած խումբ մը, որ մեծ խանդավառութեամբ հիւրասիրուեցաւ Կոկանեան Սրահի կողմէն… գրկաբաց այս ընդունելութենէն ոգեւորուած խումբը գեղեցիկ գնահատագիր մը յանձնեց Կոկանեան Սրահի ժրաջան կանանց։

«Կանանց Օր», թէ այսօր, 21 Մարտ` «Մայրերու Օր», ինչ նշանակութիւն, բարեկամներ։ Մեր մայրերուն անփոխադարձ զոհողութեանց դիմաց մեր երախտիքը յայտնելու առիթ մը հանդիսացող այս յատուկ օրուան չեն վերաբերիր մեր բարեմաղթանքները ե՛ւ ներկայ ե՛ւ բացակայ մեր մայրերուն, որոնք մեզ հետ են բոլորը։ Դէպի հոն՝ իրենց մեծ սրտերուն ու խորազգաց հոգիներուն կ’երթան առ յաւերժ վառվռուն, շէն, կայտառ ու  դալար մնալու մեր անհատնում աղերսները։

Պակաս ենք ու դեռ կը պակսինք առանց ձեզ. ամենատօթ արեւներուն ալ կը մսինք, լապտերներով կը կորսուինք, առողջ-առողջ կը հիւանդանանք, ձեր երգերը կ’երգենք՝ ձեր ձայներով, ձեր աչքերով կը դիտենք, ձեր նժարով կը կշռենք ու ձեր թեւերով կը ծածկուինք, որ կարենանք ծածկել….

Ձեզմով, ձեր սիրով կը ծլի, կ’աճի ու կը ծաղկի ամեն սէր ու նուիրում…

Ձեր տօնը շնորհաւոր։

 

 

«Արեւ» շաբաթաթերթ