ԹՈՅՎՕ ՔԼԱԱՐ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԶԼՄ-ՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՍՑԷԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՆ»

Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներուն մէջ Հայաստանի հասցէին սպառնալիքները անընդունելի են, X-ի իր էջին վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար։

«Անհրաժեշտ են սահմաններու սահմանագծումի մասին իրական բանակցութիւններ, բոլոր տարածքային վէճերը պէտք է կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով եւ համաձայնուած գործընթացով», գրած է ան:

Աւելի ուշ ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներուն մէջ հրապարակումներ յայտնուած էին այն մասին, որ արդէն մօտ մէկ շաբաթ անցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՝ Տաւուշի մէջ կայացած հանդիպումէն, իսկ խօսքէն գործ անցում տակաւին չկայ: Անոնք կը յիշեցնէին Փաշինեանի այն խօսքերը, որ եթէ հայկական կողմը հրաժարի սահմանազատման գործընթացէն, ապա շաբթուան վերջը պատերազմ պիտի սկսի։
Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները եւ թելեկրամեան ալիքները սպառնացած են, որ «Պաքուն մտադիր չէ երկար սպասել» եւ «գիւղերը չվերադարձնելը զինուորական գործողութիւններ սկսելու պատճառ պիտի դառնայ»։