Երգչուհի Լէոնորան Սպահանի մէջ հանդէս կու գայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած մենահամերգով

Գիւմրեցի երգչուհի Լէոնորան Սպահանի մէջ հանդէս կու գայ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով մենահամերգով` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին: Արտադրող Վիգէն Թանաշեան «Արմէնփրէս»-­ին տեղեկացուցած է, որ համերգային ծրագիրը բաղկացած է երկու մասէ. առաջինը  հոգեւոր երգեր են` հայ եւ օտարազգի հեղինակներու ստեղծագործութիւններով, երկրորդը` դասական ու կրկին ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտար հեղինակներու գործերով:

«Ընդհանրապէս դասական երաժշտութիւնը միշտ չէ, որ հեշտ է գովազդել, եւ ատիկա է պատճառը, որ նաեւ դժուար է համերգներ կազմակերպել: Այս անգամ մօտ 1 տարի պահանջեց այս համերգի կազմակերպման համար, բայց այնչափ ուրախ եմ, որ երգչուհին այս մենահամերգը կը նուիրէ Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին»,­-նշած է արտադրողը` իր շնորհակալութիւնը յայտնելով Սպահանի Հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին եւ թեմակալ առաջնորդին: