Արցախի մէջ` մարդահամար

Երեքշաբթի՝ 1 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է մարդահամար:

ԼՂՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի վարչութենէն «Մետիամաքս«-ին յայտնած են, որ մարդահամարը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար ստեղծուած են Հանրապետական, Ստեփանակերտի քաղաքային եւ 7 շրջանային յանձնաժողովներ, 9 մարդահամարի, 90 հրահանգչական եւ 501 հաշուային տեղամասեր:

Մարդահամարը պիտի շարունակուէր մինչեւ Դեկտեմբեր 9-ը ներառեալ: Նախնական տուեալները յայտնի պիտի ըլլան 2016 թուականի Ապրիլի սկիզբը, իսկ վերջնականը` 2016 թուականի վերջը:

Նշենք, որ համաձայն «Մարդահամարի մասին» ԼՂՀ օրէնքի` Արցախի մէջ մարդահամար տեղի կ՛ունենայ է 10 տարին անգամ մը եւ ասիկա հանրապետութեան անկախութեան պատմութեան մէջ երկրորդն է:

«2005 թուականին իրականացուած առաջին մարդահամարէն ետք մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած են ընկերա-տնտեսական էական փոփոխութիւններ, բնակչութեան թուաքանակի, տեղաբաշխման, ընկերա-ժողովրդագրական, տնտեսական աշխուժութեան, տնային տնտեսութիւններու  բնակութեան պայմաններու, կենսամակարդակի եւ այլ բնութագրիչներու հետ կապուած: Տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներու ուղի բռնած Արցախի համար շատ կարեւոր է ապահովել մարդահամարներու պարբերաբար իրականացումը, քանի որ անոնց արդիւնքներն էական նշանակութիւն կ’ունենան երկրի պետական եւ տնտեսական քաղաքականութեան մշակման, ծրագրաւորման  եւ կառավարման համար»,- նշած են ԼՂՀ ԱՒԾ Մարդահամարի վարչութենէն:
Վարչութենէն ընդգծած են նաեւ, որ մարդահամարը հնարաւորութիւն պիտի տայ ուսումնասիրելու հասարակական եւ տնտեսական մակարդակներու մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններն ու կանխորոշելու յետագայ յառաջընթացի նոր ուղղութիւններն ու սկզբունքները:

Յիշենք, որ 2005 թուականին մարդահամարի տուեալներով` ԼՂՀ բնակչութեան թիւը կազմած է 137 հազար մարդ: