Վերջերս, որոշում մը առնուած է հիմնադրամի գլխաւոր հովանաւոր, ամերիկահայ յայտնի գործարար Քըրք Քըրքորեանի մահուան հանգամանքով:
Հայաստանին եւ Արցախին 26 տարի շարունակ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելէ ետք հիմնադրամը որոշում կայացուցած է ուշադրութիւնն ու միջոցները կենտրոնացնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուող այլ նախագիծերու ուղղութեամբ:
«Հիմնադրամի անդամ կազմակերպութիւններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Քըրք Քըրքորեանին իր առատաձեռն օգնութեան համար, որ ան տրամադրած է «Լինսի» հիմնադրամի միջոցով, եւ բոլոր միւս նուիրատուներուն»,- ըսուած է հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ:
26 տարուան ընթացքին Միացեալ հայկական հիմնադրամը ընդհանուր առմամբ $ 720 միլիոնի մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին:
Հիմնադրամը ստեղծուած է 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, «Լինսի» հիմնադրամի, Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանի ջանքերով: