Յարգանքի Տուրք ՌԱԿ-ի Վաստակաւոր Մտաւորականներու Յիշատակին Եգիպտոսի Մէջ

Զpօսապտոյտի հաղորդագրութիւն թիւ-4

Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած այցելութիւնը՝ Եգիպտոս,  մասնակցողներուն պատեհ առիթը տուաւ հաճոյքին ու վայելքին առընթեր, ունենալու նաեւ  լուրջ ու պատշաճ պահերու գոհունակութիւնները:

Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Մարտ 31) հոգեպարար արարողութենէն ետք խումբը ուղղուեցաւ Մարմինայի հայոց գերեզմանատուն:

Բոլորս եկած էինք մեր  յարգանքի տուրքը մատուցանելու ազգային, մտաւորական ու վաստակաւոր տիտաններու՝ Միհրան Տամատեանի եւ Վահան Թէքէեանի շիրմաքարերուն առջեւ:

Լուրջ էր մթնոլորտը: Ուշադիր կը հետեւէինք ընկ. Արթօ Մանուկեանի բացատրութիւններուն: Պահ մը զգացինք մեր համեստութիւնը այս երկու տիտաններու՝ ազգային գործունէութեան եւ նուիրումին առջեւ:

Յուզիչ պահեր ապրեցանք, երբ ընկ. Մանուկեան ներկայացուց Տամատեանի յեղափոխական ու ազգային անզուգական նուիրումը: Ահաւասիկ Տիտան մը որ ամբողջ կեանք մը նուիրած էր Հայ Ազատագրական շարժումին: Որպէս Կիլիկիայի լիազօր ներկայացուցիչ ընդգրկուելով Պօղոս Նուպարի գլխաւորած ազգային պատուիրակութեան, փորձած է ստեղծել Կիլիկիոյ ինքնավար պետութիւն:

4 Օգոստոս 1920-ին Տամատեանի նախագահութեամբ հռչակուած է անկախ պետութիւն՝ Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ: Սակայն Ֆրանսա իր խոստումը դրժելով բանակը ետ քաշած է. այսպիսով վերջ դնելով Կիլիկիայի մեծ երազին:

Վահան Թէքէեանի յիշատակն  ալ իր կարգին յարգուեցաւ ազգային ու գրական իր արժէքներուն համար:

Բանաստեղծներու Իշխան՝ Թէքէեանէն արտասանուեցան քերթուածներ: Զգայացունց էր «Մէկ Հատիկս»ը:

Այդ քերթուածը այն գլուխ գործոցն էր ուր Թէքէեան գրած էր երբ հակառակ խմբակ մը զինք մութին մէջ զգետնած էր: Արիւնլուայ Թէքէեանի ակնոցին ապակիի փշուրները վնասեցին աջ աչքը:

Կ’ըսուի թէ այս արարքը առիթ տուաւ Վահան Թէքէեանի գլուխ գործոցին «Մէկ Հատիկիս»ին յօրինման:

Ներկաները ծաղկեպսակներով պատուեցին այս երկու տիտաններու յիշատակը:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն. այս երկու լուսաւոր առաջնորդները մեզմէ բաժնուեցան, իրարմէ չորս ամիսներու տարբերութեամբ.-

* 4 Ապրիլ 1945 (Թէքէեան):

* 12 Օգոստոս 1945 (Տամատեան):

Թէքէեանի խնդրանքն էր համեստ յուղարկաւորութիւն մը ունենալ:

Թեմական Ժողովի միաձայն որոշումով իր փափաքը բացառաբար չ’յարգուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ պատմական Ազգային Յուղարկաւորութիւն մը:

Մենք ալ այսօր մեր կարգին շարունակենք չ’յարգել այդ վերջին փափաքը՝

Յարգանք եւ խունկ մեր վաստակաւոր ղեկավարներուն:

Արթօ

 

Յ.Գ. Պսակներ ալ զետեղեցինք անուանի համաշխարհային երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի շիրիմին: