Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի նախագահութեամբ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ԱԳ Նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Նախարարները քննարկած են Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` 2015թ. Սեպտեմբերին կայացած նստաշրջանի որոշումներու կատարման ընթացքը, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան համադրման հարցեր: ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի անդամները անդրադարձած են ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու ԱԳ նախարարներու 22-րդ խորհուրդի օրակարգային հարցերուն:
Հանդիպման մասնակիցները մտքեր փոխանակած են համաշխարհային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ: Անդրադարձ եղած է թրքական զինուած ուժերու կողմէն Սուրիոյ մէջ հակա ահաբեկչական գործողութեան մասնակցող ռուսաստանեան Սու-24 օդանաւի խոցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին: Այս ծիրէն ներս նախարար Նալպանտեան նշած է, որ օդանաւի խոցումը լուրջ հարուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերու համախմբման եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման գործընթացին: ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հաւանութիւն տուած են Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգի հարցերուն, մտքեր փոխանակած են ՀԱՊԿ կանոնադրական մարմիններու աշխատանքներուն վերաբերեալ: