Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը պարտուած է Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն։
1 Ապրիլի առաւօտեան գրեթէ ամբողջապէս ամփոփուած է Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Ընդհանուր առմամբ 99,8 տոկոս քուէարկութեան արդիւնքներուն համաձայն առաջատար է գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը (ԺՀԿ-CHP):
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (ԱԲԿ-AKP) եւ ԺՀԿ-ի միջեւ ձայներու տարբերութիւնը կը կազմէ 2,25 տոկոս:
ԱԶԿ-ն յաջողած է հաւաքել ձայներու 35,49, իսկ ԺՀԿ-ն՝ 37,74 տոկոսը: Աւելցնենք, որ 22 տարի անց առաջին անգամ է, որ քեմալական կուսակցութիւնը կը յաղթէ Էրտողանի կուսակցութեան։
31 Մարտին՝ ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն օրը, ԱԲԿ-ի գլխամասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան արդէն իսկ նախնական արդիւնքներուն հիման վրայ ընդունած է պարտութիւնը:
«31 Մարտը մեզի համար աւարտ չէ, այլ շրջադարձային կէտ», ըսած է ան:
Նշենք նաեւ, որ ԺՀԿ-ն զգալի յաղթանակ տարած է Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ:
Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլու – 51,9%
Անգարայի քաղաքապետի թեկնածու Մանսուր Եաւաշ – 60, 35%
Իզմիրի քաղաքապետի թեկնածու Ճեմիլ Թուկայ – 48, 90%
ԱԲԿ-ին եւ ԺՀԿ-ին ձայներու 6, 19 տոկոսով յաջորդած է «Նոր Բարօրութիւն» կուսակցութիւնը (Yeniden Refah Partisi):
ԺՀԿ-ն 47 տարի անց առաջին անգամ յայտնուած է երկրի մէջ առաջատար կուսակցութեան դերին մէջ, իսկ ԱԲԿ-ն իր հիմնադրումէն՝ 2001-էն վերջ, առաջին անգամ յայտնուած է երկրի 2-րդ կուսակցութեան դերին մէջ: