«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը եղած է Նիտըրլանտներու խորհրդարանին մէջ հրաւիրուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, մասնաւորապէս, Հայաստան-ատրպէյճան սահմանին պարբերաբար սրուող իրավիճակին շուրջ լսումներուն մասնակցող պատուիրակութեան կազմին մէջ: Լսումները նախաձեռնած է Նիտըրլանտներու խորհրդարանի պատգամաւոր Փիեդր Օմդզիկդը :
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան փոխանցած հաղորդման համաձայն` լսումներուն մասնակցած են նաեւ հոլանտացի այլ քաղաքական գործիչներ :
Պարոն Օմդզիկդ հրաւիրած է Նիտըրլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու ֆետերացիայի (FAON) պատուիրակութիւնը` հետեւելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջերս արձանագրուած լարումներուն վերաբերեալ FAON-ի ուղարկած նամակին: Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Ինկէ Տորսդը եւ Մաթօ Հախվէրտեանը (FAON), ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը եւ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էդուարդօ Լորենցօ Օչոան:
Իր ելոյթին մէջ տիկին Տորսդը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակին համապատկերը` անդրադառնալով վերջին տարիներու պատմութեան: Ան դիմած է Նիտըրլանտներու խորհրդարանին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտումները սահմանափակող յստակ միջոցներուն եւ վերահաստատելու ռազմական թէժ գիծ: Տիկին Տորսդ կոչ ուղղած է հոլանտացի պատգամաւորներուն այցելել Լեռնային Ղարաբաղ եւ ջանքեր գործադրել, որ ԼՂ հանրութիւնը իր տեղը ունենայ բանակցային սեղանին շուրջ: