Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Կարմիր Խաչի գրասենեակը տեղափոխուած է Բարդա: Այս մասին «Լուրեր»-ուն ըսած է Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:
Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն շուրջ 84 հազարը արդէն հաշուառուած են Հայաստանի հասցէներով, 82 հազարը ձեռք ձգած է գաղթականի ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական, Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած է աւելի քան 1600 անձ:
Բռնի տեղահանութենէն ետք, այս ընթացքին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է եւս 50 հայ:
Կարմիր խաչի հայկական գրասենեակէն կ՛ըսեն, որ այնտեղ մնացածները իրենց ուշադրութեան կեդրոնն են: Անոնց հետ կապը կը փորձեն պահել Հայաստան տեղափոխուած հարազատները: