Փութին. «Թուրքիա դեռ շատ պիտի զղջայ Սու-24-ը խոցելուն համար»

Դեկտեմբեր 3-ին Ռուսիոյ Դաշնային ժողովին ամէնամեայ ուղերձին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պատասխան պիտի տան Սուրիոյ մէջ ռուս զինծառայողներու մահուան համար:

Թուրքիա դեռ շատ պիտի զղջայ Սու-24 ռմբակոծիչի խոցման համար, յայտարարած է ան: «Մենք դեռ բազմիցս պիտի յիշեցնենք, թէ ինչ ըրած են անոնք, եւ անոնք դեռ շատ պիտի զղջան իրենց ըրածին համար»,- ըսած է նախագահը, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net-ը՝ վկայակոչելով BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը:

Ան նշած է, որ ինք թուրք ժողովուրդը բարեկամ կը համարէ: «Թուրք ժողովուրդը բարի է, աշխատասէր ու տաղանդաւոր: Թուրքիոյ մէջ մենք բազում հին բարեկամներ ունինք: Նշեմ` անոնք պէտք է իմանան, որ մենք հաւասարութեան նշան չենք դներ իրենց եւ այսօր իշխող վերնախաւին միջեւ, որ անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրէ Սուրիոյ մէջ մեր զինծառայողներու մահուան համար»,- ըսած է Փութին:

Խօսելով Անգարայի գործողութիւններուն մասին` Փութին ըսած է, որ չի հասկնար թուրք զինուորականներու դրդապատճառները: «Միայն Ալլահը գիտէ, թէ ինչու անոնք ատիկա ըրին: Եւ, հաւանաբար, Ալլահը որոշեց պատժել Թուրքիոյ իշխող յանցախումբը` զրկելով զանոնք խելքէ ու բանականութենէ»,- ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ըսած է, որ Մոսկուայէն պիտի չստանան «ջղային, ջղացնցական, իրենց ու ամբողջ աշխարհի համար վտանգաւոր արձագանգ»:

Փութին ըսած է, որ «գործողութիւններու հիմքով պիտի ըլլայ պատասխանատուութիւնը սեփական երկրին ու ժողովուրդին առջեւ: Մենք չենք պատրաստուիր զէնք ճօճել»:

Սու-24-ի խոցումէն ետք Մոսկուան պատրաստ է լրացուցիչ միջոցներու Թուրքիոյ դէմ:

«Եթէ ինչ-որ մէկը կը կարծէ, որ ստոր ռազմական յանցագործութիւն կատարելով, սպաննելով մեր մարդիկը, անոնք լոլիկով պիտի ազատին կամ ինչ-որ սահմանափակումներով շինարարական եւ այլ ոլորտներու մէջ, ապա չարաչար կը սխալին»,- ըսած է Փութին:

Նոյեմբերի 24-ին թուրքական F-16 կործանիչը ռուսական Սու-24 ինքնաթիռը խոցեց Սուրիոյ հետ սահմանին: Սու-24 ռուսական ռազմական օդանաւը խոցուած է Սուրիոյ տարածքին «Օդ-օդ» հրթիռով, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, ռուս օդաչուներն ու ռուսական օդանաւը չէին սպառնար Թուրքիոյ: «Սու-24 ռուսական ռազմական օդանաւի խոցումը հարուած է թիկունքէն, որ հասցուցին ահաբեկիչներուն աջակցողները»,- ըսած է ան: Միաժամանակ Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ռուսիա շատոնց հաստատած է, որ Թուրքիոյ տարածքին կայ շատ քարիւղ, որ կու գայ «Իսլամական պետութեան» կողմէ վերահսկուող հանքերէն: Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ռուսական օդանաւին ողբերգութիւնը ամենալուրջ հետեւանքները պիտի ունենայ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն համար:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 28-ին հրամանագիր ստորագրած է «Ռուսիոյ քաղաքացիներու ազգային անվտանգութեան ապահովման եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն յանցաւոր եւ այլ հակաիրաւական գործողութիւններէն պաշտպանելու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ յատուկ տնտեսական միջոցներ կիրառելու մասին»: Նախագահը յանձնարարած է կառավարութեան պատրաստել ցանկը թրքական արտադրութեան այն ապրանքներուն, որոնց ներմուծումը Ռուսիա պիտի սահմանափակուի, ինչպէս նաեւ ցուցակը թրքական ընկերութիւններու այն աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն, որոնց գործունէութիւնը կրնայ արգիլուիլ: