Ս. Զատիկի արձակուրդին առիթով, հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր Գահիրէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տեղական ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ազնուափայլ կողակցին տիկ. Նայիրի Խորասանճեան – Սիմոնեանի:
Դոկտ. Սիմոնեան առիթը ունեցաւ այցելելու կարգ մը ազգային մամուլի եւ մշակութային միութիւններու կեդրոններ, որոնց կարգին զինք վայելեցինք «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագրատան մէջ:
Գաւաթ մը սուրճի եւ քաղցրեւէններու շուրջ, դոկտ. Սիմոնեան եւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ պրն. Աւետիս Պագգալեան ունեցան մտերմիկ գաղափարի փոխանակումներ, երկու գաղութներու (Գահիրէ եւ Մոնթրէալ) հասարակ յայտարար մարտահրաւէրներու մասին. մասնաւորաբար անոնք կեդրոնացան, օրուայ մտահոգութիւններու, Հայերէն լեզուի առնչութեամբ, միշտ նկատի առնելով պարտադրեալ նախապատուութիւնը օտար լեզուներու (ըլլայ Արաբերէն կամ Անգլերէն) եւ հարկադրանքն ու հեզասահ վտանգը Ազգային վարժարաններէն ներս: Գահիրէ, կար նաեւ ուրիշ լուրջ մտահոգութիւն մը՝ նոր բագուող անձնական բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններու ներկայութիւնը՝ օժտուած ամենաարդիական միջոցներով:
Ըլլալով Ազգային վարժարանի անցեալի տնօրէն (Հալէպ), պրն. Պագգալեանի փորձառու ներդրումները՝ պատշաճօրէն ու գոհունակութեամբ իւրացուց պրն. Սիմոնեան:
Դոկտ. Ճորճ Սիմոնեանի մասնագիտութիւնը տպագրագիտական ճիւղին մէջն է: Արժանացած է երկու Masters-ներու մին 1994-ին Գահիրէէն, երկրորդը Լոնտոնէն 1997-1998 «Printing Publishing & packaging»
* 2014-2017 շրջանին եղած է Helwan-ի համալսարանի «applied arts» ի կաճառի (faculty) ուսուցչապետ՝ Dean :
* Իսկ 2020-էն ի վեր եղած է Ahram Canadian համալսարանի «faculty of design & Creative Arts» կաճառի Dean:
* 2012-2020 ի շրջանին եղած է անդամ Egyptian Chambre of Printing & Packaging
(8 տարի)
* Այժմ Digital printing comitee of Egypt ճիւղի առաջնորդ:
* 2008-էն ի վեր (16 տարի) member of board է «El Amiria printing press»ի:
Իսկ ազգային գետնի վրայ դոկտ. Սիմոնեան ունեցած է հարուստ նուաճումներ:
Պատանի տարիքէն՝ «Կոկանեան» երիտասարդացի ատենապետ, ՀՄԸՄ.-ի football-ի (Soccer)ի պատասխանատու եւ 4 տարի ալ ատենապետ:
Եկեղեցիի հոգաբարձութիւն՝ 1992-2006, թեմական՝ 2019, քաղաքականի ատենապետ՝ 2019-2023, թեմականի փոխատենապետ՝ 2023 եւ վերջապէս Հ.Բ.Ը.Մ.-եան տեղական ատենապետ:
Գնահատելի է, որ Եգիպտոսի ներկայ ազգային պատասխանատուները մտահոգ են, նոյնիսկ նօսրացած, գաղութի մը ապագայով եւ վստա’հ, կը փափաքին քայլ պահել սրընթաց ժամանակին հետ:
Բարի վերադարձ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր յարգելի հիւրերուն:
ԽՄԲ.