Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգած է Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հասցէին Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կողմէ հնչած մեղադրանքներուն:
«Մեդիամաքս»-ի խնդրանքով՝ մեկնաբանելով Ալահշուքիւր Փաշազատէի յայտարարութիւնները, Մայր Աթոռէն նշած են.
«Արցախեան հակամարտութեան պատմութեան ողջ ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ մնայուն յորդոր-պահանջը Ատրպէյճանէն եղած է եւ կը շարունակէ մնալ՝ յարգել սեփական պատմական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրացուած արդար իրաւունքը։ Շէյխ ուլ Իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն հաւանաբար Հայ Եկեղեցւոյ այս կեցուածքը թիւրիմացաբար կը բնութագրէ իբրեւ վրէժխնդրութիւն։
Հայ Եկեղեցւոյ հասցէին նման մեղադրանքներ հնչեցնելու փոխարէն պատշաճ պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը անդրադառնար Ատրպէյճանի վրէժխնդրական քաղաքականութեան եւ տարիներ շարունակ Արցախի ու Հայաստանի հանդէպ կիրառուած յարձակումներուն, 2020թ․ սանձազերծած պատերազմին, Արցախի բռնագրաւման եւ հայաթափման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման, հայ ռազմագերիները ապօրինաբար պահելուն, պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան լայնածաւալ քարոզչութեան եւ հայկական պատմական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստագրուած դէպքերուն։
Պատշաճ պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը, ունկնդիր ըլլալով Հայ Եկեղեցւոյ կոչերուն, իր հոգեւոր հեղինակութեամբ համապատասխան քայլեր ձեռնարկէր՝ կասեցնելու ցեղասպան գործողութիւններն ու հրէշաւոր բարբարոսութիւնները եւ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ իրական խաղաղութեան հաստատման»։
Ալլահշուքիւր Փաշազատէն, մասնաւորապէս, ըսած էր, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը «արժանի չէ, որ ես զինք հրաւիրեմ պաքու»: Ան պնդած է, որ «այսօր Հայկական եկեղեցին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, վրէժխնդրութիւն կը քարոզէ ողջ աշխարհի մէջ»։