Դեկտեմբեր 2-ին եւ լոյս 3-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1000 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: