«Ներկայ փուլին երազային է յուսալ, որ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները բարելաւում մը ապրին…».Դոկտ. Սահակ Անտէքեան

Շաբաթներ առաջ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը նաեւ քաղաքական հարթակի վրայ տարբեր ձեւաչափերով քննարկումներու առիթ դարձաւ։ Դէպքը ծանրակշիռ էր ոչ միայն Ռուսաստանի համար, այլ այն ունեցած միջազգային մակարդակի արձագանգ։ Հիմնական հարցադրումը, որ դրուեցաւ այն էր, թէ ինչու այս փուլին «Իսլամական պետութեան»՝ «Տահէշ»ի օրակարգը դարձեալ ջուրի երես կը բարձրանայ։ Օրերս այս թեմայով  հարցազրոյց մը ունեցայ ԱՄՆ-ի մէջ ակադեմական գործունէութիւն ծաւալող, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Սահակ Անտէքեանի հետ։

 Ստորեւ հարցազրոյցը.

 

Դոկտ. Անտէքեան, անցեալ Մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը միայն «ռուսական աւազան»ին մէջ չմնաց, այլ դարձաւ միջազգային լրահոսին կարեւոր առանցքներէն մէկը։ Ի՞նչ եղաւ ամերիկեան մամուլին արձագանգը, գիտնալով որ միջազգային հարթակին վրայ կարգ մը ամերիկեան թերթեր միջազգային հանրութեան քաղաքական կեանքին մէջ կարծիք ձեւաւորող կը համարուին։ Կ՚ուզէի ձեր դիտարկումները լսել այդ մասին։

 

Կարեւոր հարցում մըն է, այն առումով, որ ներկայիս Ամերիկան եւ Ռուսաստանը որոշ «թշնամական» մօտեցում ունին իրար հանդէպ։Ինչ որ նկատեցի, նամանաւանդ «Դեմոկրատական» մամուլի դիտանկիւնէն, ձեւով մը դատապարտեցին ահաբեկչական յարձակումը որ եղաւ «Քրոքոս սիթի հոլ»ին մէջ։ Ոչ միայն մամուլը, այլ պաշտօնական գետնի վրայ, նախագահը, պետքարտուղարը դատապարտեցին եղածը։ Նկատի առնելով, որ ահաբեկչութիւնը ինքնութիւն չունի, բոլոր պետութիւնները այս վտանգին կրնան ենթարկուիլ։ Հոս կարեւոր է նշել նաեւ, որ Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը արդէն փոխանցած էր Ռուսաստանին, որ այսպիսի յարձակում մը կրնայ կատարուիլ 8 Մարտի մօտերը, եւ հաւանաբար այդ յարձակումը օրին պիտի կատարուէր սինակոկի վրայ։ Որոշ չափով այդ տեղեկութիւնը ճշմարտացի էր, բայց ժամանակը եւ վայրը տարբեր եղան…

 

Մենք գիտենք, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, եթէ որեւէ առումով, որեւէ ուղղութեամբ «տինամիզմ» մը պիտի մտնէ, այսպիսի ծանրակշիռ դէպքեր կրնան նոր առանցք մը, նոր վիճակ մը ստեղծել։ Այս դէպքէն ետք, կը կարծէ՞ք որ Ռուս-Ամերիկեան այսքան լարուած յարաբերութիւնները կրնան ինչ որ «տիալոկ»ի մը ճամբան բանալ, թէ այդ մէկը յուսալը ընդհանրապէս «երազային է» այս ժամանակին։ Ի՞նչ կը մտածէք։

 

Ձեր վերջին ըսածը աւելի ճիշդ է եւ իրականութեան աւելի մօտ։ Այսինքն պարզ խօսքով այս փուլին երազային է յուսալ, որ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները ինչ որ առումով դրական «տինամիզմ» մը կրնան ապրիլ։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ երկու կողմի միջեւ «գործակցութիւն»ը ահաբեկչութեան առումով պիտի կենայ կամ սառեցուի, այլ ընդհակառակը, ես կը կարծեմ, որ այս պատահած դէպքերը գործակցութիւնը աւելի պիտի ամրացնեն, քանի որ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, թէ որեւէ պետութիւն կրնայ ենթարկուիլ ահաբեկչութեան։ Նկատի առնելով, որ ամերիկացիները որոշ չափով տեղեկացուցին իրենց ռուս գործընկերներուն այս յարձակման մասին, ըսել է, որ Ամերիկան աւելի զարգացած արհեստագիտութիւն՝ (technology) ունի, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ արհեստական բանականութեան՝ (AI)-ի ճամբով, Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը փոխանցուող որոշ message-ներուն գաղտնագրերը կարողութիւնը ունի գաղտնազերծելու. ինչպէս որ պատահեցաւ Ռուսաստանի պարագային։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Ամերիկան բաւական յառաջդիմած է IT-ի «էսփիոնաժ»ի գետնի վրայ, հետեւաբար կը կարծեմ, որ այս դիտանկիւնէն բաւական դրական զարգացումներ պիտի ըլլան Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի միջեւ, սակայն, ինչ որ մեծ պատկերին կը վերաբերի, չեմ կարծեր որ այս մէկը կը ջերմացնէ կամ կը փափկեցնէ փոխյարաբերութիւնները, որոնք այսօր կը գտնուին բաւականին բարդ վիճակի մը մէջ։ ։

Մեզմէ շատերուն համար ուշագրաւը այն էր որ ISIS-ը («Իսլամական պետութիւն»ը խմբ.՝ Ս. Արեան) կը տարբերի միւս ISIS-էն եւ կը կոչուի «Իսլամական պետութեան Խորասանի մասնաճիւղ»։ Անոնք վերջերս Իրանի մէջ, զօր. Քասէմ Սուլայմանի յիշատակի օրը բաւականին մեծ ահաբեկչութիւն կատարած էին եւ հոն եւս մեծաթիւ զոհեր արձանագրուած էին։ Հարցումս այն է թէ, ինչո՞ւ այս ISIS-ը Մոսկուան ընտրեց, որպէս թիրախ։ ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս ուղղութեամբ։

 

ISIS-ի այս մասնաճիւղը բխած է հիմնական ISIS-էն, եւ այս առաջին անգամը չէ որ Ռուսաստանը թիրախ կը դարձնէ։ Ասկէ առաջ, Սեպտեմբեր 2022-ին ահաբեկչական պայթում մը կատարեցին Քապուլի Ռուսաստանի դեսպանատան դէմ։ Իրենց զինեալներէն մէկը նաեւ ահաբեկած էր Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան՝ Քարլովը։ Ուրեմն այս առաջինը չէ որ ան Ռուսաստանի դէմ ահաբեկչական գործողութիւն կ՚ընեն։ Թէ ինչու ներկայիս Ռուսաստանը թիրախ ընտրած են , ապա կան որոշ պատճառներ, նկատի ունենալով, որ Ռուսաստանը 2002-2003 թուականներուն ռազմական գործողութիւններ կատարած է Չեչնիոյ մէջ։ Այդ մէկը ծայրայեղ իսլամական կարգ մը խումբերու մօտ ոխ յառաջացուցած էր։ Երկրորդ՝ ինչպէս գիտենք, որ Ռուսաստանը այսօր Սուրիոյ մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի, մանաւանդ ռազմական- զինուորական գետնի վրայ, եւ կարգ մը Սիւննի իսլամական շարժումներ կը կարծեն, թէ այդ մէկը իրենց դէմ է։ Այս ISIS-ի խումբն ալ, որ ծայրայեղ Սիւննի է, կը կարծէ թէ Սուրիոյ մէջ սիւննիներուն պէտք է թիկունք կանգնի, եւ հետեւաբար այսպիսի գործողութիւններ կ՚ընէ։ Երրորդ՝ գիտենք որ Ռուսաստանի մէջ մեծ թիւով Սիւննի իսլամներ կան։ Երբ ահաբեկչութիւնը տեղի ունեցաւ, լուրերէն իմացանք, որ Չէչնիոյ նախագահի մասնայատուկ ուժերը աւելի առաջ դէպքի վայր հասան, քան ռուսական ուժերը, ցոյց տալու համար որ իբրեւ թէ անոնք պետութեան հետ են, մինչ գիտենք, թէ անոնցմէ բաժին մը ընդդիմադիր է Փութինին։

 

Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան եւ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի, մինչ կը մօտենանք ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն։ Այս բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Մեր մտքին մէջ անշուշտ կայ Կազայի պատերազմը, որուն մասին տարբեր վերլուծաբաններ նշեցին, որ եթէ շարունակուի, պիտի ըլլայ կարեւոր «քուէարկողներ»էն մին գալիք ընտրութիւններուն։ Ձեր կարծիքով, այսօր ռուսական դիտանկիւնը ինչ որ արժէք մը ունի՞ ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան խոհանոցին մէջ։

 

Անպայման։ Ինչպէս գիտենք, ասկէ առաջ, նախկին ընտրութիւններուն, Դեմոկրատները կ՚ըսէին, թէ Ռուսաստան ուղղակի միջամտած է Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն։ Անոր պատճառով ալ որոշ դիւրազգացութիւն կամ ձեւով մը՝ թշնամութիւն ստեղծուեցաւ դեմոկրատներու կողմէ, Ռուսաստանի հանդէպ։ Մեծ պատկերը հասկնալու համար, ընդհանրապէս Դեմոկրատները թշնամական կեցուածք ունին Ռուսաստանի հանդէպ, բայց միւս կողմէ ալ՝ հանրապետականները, մասնաւորապէս նախկին նախագահ՝ Տոնըլտ Թրամփ զանազան առիթներով ըսաւ, թէ եթէ նախագահ ընտրուի, ապա «Ուքրանիոյ հարց»ը քսանչորս ժամուան ընթացքին պիտի լուծէ։ Անշուշտ անկարելի բան մըն է ըսածը, սակայն կը փորձէ message մը ուղղարկել եւ սիրաշահիլ ամերիկացի քուէարկողը, որ արդէն սկսած է ընդվզիլ այս կացութենէն եւ կ՚ուզէ դուրս գալ այս վիճակէն, մանաւանդ՝ տնտեսական հարթութեան վրայ։ Այսօր նիւթական տեսանկիւնէն դիտուած շատ ծանրաբեռնուած է ամերիկան, զինուորական եւ այլ օժանդակութիւններ ուղարկելով Ուքրանիա։ Ամերիկայի քուէարկողներէն երկու առ հարիւրը արաբ կամ Իսլամ են։ Անոնց մեծ մասը, ինչպէս վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, փոխած են իրենց միտքը։ Նախքան Կազայի խնդիրը, արաբները կամ Իսլամները աւելի Դեմոկրատներու կողմն էին, բայց Պայտընի ենթակայութիւնը Իսրայէլին շատ ընդվզում ստեղծած է արաբ կամ Իսլամ քուէարկողին մօտ։ Անոնց մէկ մասը պիտի չքուէարկէ, այսինքն ամբողջովին պիտի «պոյքոթէ» ընտրութիւնները, իսկ միւս մասը իր միտքը փոխած ու Թրամփին կողմը անցած է։ Եւ ասիկա պզտիկ թիւ մը չէ, հետեւաբար բաւական բան կրնայ փոխուիլ։

 

 Սագօ Արեան