Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպումը փոխանակ Հայաստանին սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու եւ, միւս կողմէ, տարածաշրջանային տնտեսական-հաղորդակցական մեծ ծրագիրներուն մեր երկիրը մասնակից դարձնելու ուղղութեամբ աշխատելու, ծառայեց Նիկոլ Փաշինեանի դիրքերը ամրապնդելու, Ռուսիոյ դիրքերը տկարացնելու:
Այս վերջին հանգամանքը աննկատ չթողուց Մոսկուան, որ իր արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովայի բերանով խրատական քայլի դիմեց, մեզի յիշեցնելով մեր հարուստ քաղաքակրթութիւն ունենալու գերազանցութիւնը եւ փոխանակ եւրոպական սին խոստումներու, այդ ծիրին մէջ մնալու նպատակայարմարութիւնը: Այլ խօսքով` Մոսկուան փափկօրէն հասկցնել ուզեց, որ պէտք չէ շեղիլ աւանդական գիծէն եւ փորձել ռուսական ներկայութիւնը փոխարինել եւրոպականով:
Գրեթէ նոյնիմաստ յայտարարութիւն հնչեց Թեհրանէն, որ կրկնեց քանիցս արտայայտած իր կեցուածքը օտարերկրեայ` ոչ կովկասեան ուժերու ներկայութիւնը չհանդուրժելու մասին:
Թուրքիան, յետընտրական իր ներքին գալարումներուն մէջ, պաշտօնական որեւէ արձագանգ չտուաւ Պրիւքսէլեան հանդիպումին: Անոր փոխարէն, իր իսկ ոճով, Պաքուն խանդի տեսարաններ սարքեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային ամբողջ գիծի երկայնքին` հրաձգութիւններ Տաւուշի, Վարդենիսի եւ Շորժայէն վերեւ, ռազմական ծանր մեքենաներու ցուցադրական տեղաշարժ` հոս ու հոն: Իլհամ Ալիեւը, որուն թէեւ հանդիպումէն ետք Պրիւքսէլի շէֆերը հարկ համարեր էին զեկուցել, որ եռակողմ հանդիպումը բացառապէս հայկական տնտեսական կացութեան կը վերաբերէր, այնուամենայնիւ բոլորին յիշեցուց, որ, իբր, դրութեան տէրը ինք կը մնայ եւ որեւէ պահու կրնայ սեղանը դարձնել, այսինքն պատերազմական գործողութիիւններ սկսիլ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայաստանեան քաղաքական հարթակներուն, պրիւքսէլեան հանդիպումը,- մէկ կողմ ձգելով Փաշինեան ընտանիքի զուարճանքներուն շուրջ եղած խօսակցութիւնները,- կարեւորուեցաւ գերազանցապէս ֆինանսական-տնտեսական դիտանկիւնէն:
Իշխանական թեւը եւ անոր ծառայող մամուլը, ինչպէս միշտ, ուռճացուած ձեւով ներկայացուց պրիւքսէլեան արդիւնքները: Վերջապէս, ըսին եւ գրեցին անոնք, Նիկոլ Փաշինեանը «աննախադէպ» աւարով է վերադարձեր Պրիւքսէլէն` շուրջ 330 միլիոն տոլար որպէս դրամաշնորհ եւ օգնութիւն` Եւրոմիութեան ու Մ. Նահանգներուն կողմէ Հայաստանին: Ներիշխանականները այդ փաստը ներկայացուցին որպէս ապացոյց իշխանութեան «ճկուն» քաղաքականութեան:
Բնականաբար չուշացաւ նաեւ ընդդիմութեան զանազան թեւերէն հնչած հակազդեցութիւնը: Այդ թեւերէն մէկը` առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետեւորդները, տարի առ տարի, սկսած Անկախութեան առաջին շրջանէն եւ հասնելով մինչեւ 2018 թուականը, ներկայացուցին եւրոպական մի քանի երկիրներէ եւ յատկապէս Մ. Նահանգներէն Հայաստան պետութեան ստացած նիւթական օգնութեան ծաւալները` եռակի ու քառակի անգամ աւելի մեծ, քան 330 միլիոնը, որ, շեշտեցին անոնք, տրուած է որպէս վարկ, այն ալ` 4 տարուան վրայ բաժանելի մասնաբաժիններով:
Չուշացաւ նաեւ միւս ընդդիմադիրներուն արձագանգը, յատկապէս ռուսամէտ ուժերունը: Վերջինները վկայաբերեցին Ռուսիոյ շարունակական` ուղղակի եւ անուղղակի օգնութիւնները Հայաստանին` բնական կազի մատչելի գինը, Աթոմակայանի մատակարարումը, մաքսատուրքերու արտօնեալ սակացոյցը, անվճար կամ զեղչեալ գինով տրուած զինատեսակները, չմոռնալով նաեւ Ռուսաստանէն շարունակ փոխանցուող անհատական միլիառաւոր գումարները իրենց ընտանիքներուն: Օգնութիւններ` որոնց ընդհանուր գումարը, շեշտեցին անոնք, տասնեակ անգամներով կը գերազանցէ Արեւմտեան երկիրներէն եկած գումարները միասին:
Ի պատասխան իշխող կուսակցութեան յոխորտանքներուն, եղան նաեւ մարդիկ, որոնք յիշեցնելով թակարդին մէջ զետեղուած «ձրի» պանիրի օրինակը, իրաւացիօրէն հարց տուին, թէ Արեւմուտքը 330 միլիոնի դիմաց արդեօք ի՞նչ պահանջեց Հայաստանէն, մանաւանդ որ Պրիւքսէլի աւարտին Մ. Նահանգներու պետքարտուղար Էնթընի Պլինքէնը, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը եւ ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորէլն ու Փաշինեանը առանձնազրոյց ունեցեր էին «փակ» պայմաններու տակ:
Ու քանի որ Փաշինեանը Երեւան վերադարձին ոչինչ ըսաւ այդ «գոց» զրոյցի մասին, ազատ ենք ենթադրութիւն ընելու: Ենթադրութիւն` հիմնուած Պլինքէնի եւ Պորէլի պաշտօնական յայտարարութեանց վրայ, որոնք հնչեցին հանդիպումէն ետք: Անոնք երկուքն ալ կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ Եւրոմիութեան յատկացուցած 270 միլիոն եւրօն պիտի ծառայէ Հայաստանին ներքին կայունութեան ամրապնդումին: Այլ խօսքով, այդ գումարը ենթադրաբար պիտի ծառայէ ընդամէնը 8 տոկոսի վարկանիշ (rating) ունեցող վարչապետ Փաշինեանի իշխանութեան տեւականացումին:
Արդարեւ, 330 միլիոնը, ենթադրաբար, փրկութեան այն օղակն է, որուն այնքա՜ն պէտք ունի քաղաքականապէս խեղդուող Փաշինեանը:
Եւրոպական պանիր` որ երբեք ձրի չ’ըլլար:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Երեւան
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ