Սերժ Սարգսեան. «Արդի համաշխարհային սպառնալիքները ո՛չ ազգային սահմաններ, ո՛չ միջազգային իրաւունք կը ճանչնան»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին» շրջանակային ուխտին թեր պետութիւններու 21-րդ համաժողովին, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսան: Համաշխարհային այդ համաժողովին մասնակցած են 150  պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հազարաւոր պատուիրակներ:

Աննախադէպ մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի փարիզեան համաժողովի պատուիրակութիւնները նախ յոտնկայս յարգած են յիշատակը Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն` դիտել տալով, որ այդ դէպքերէն ետք փարիզեան համաժողովին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու ներկայութիւնը փաստ է, որ քաղաքակրթութիւնը եւ համերաշխութիւնը` համայն մարդկութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով, բարբարոսութենէն ուժեղ են:

Համաժողովի բացման ընթացքին արտասանած իրենց խօսքերուն մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, համաժողովը նախագահող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Չարլզ  եւ այլ անձնաւորութիւններ ընդգծած են կլիմայի փոփոխութեան վերաբերող 21-րդ համաժողովի կարեւորութիւնը` Երկիր մոլորակի եւ ամբողջ մարդկութեան ապագային համար: Անոնք նշած են, որ այսօր աշխարհի բոլոր ծագերէն մարդոց հայեացքը ուղղուած է դէպի Փարիզ, ուրկէ կ՛ակնկալեն մարդկութիւնը մտահոգող լրջագոյն մարտահրաւէրին` կլիմայի կործանարար փոփոխութեան վերաբերեալ քննարկումներուն լոյսին տակ բեկումնային որոշումի կայացում:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը կլիմայի փոփոխութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէր նկատելով հաստատած է, որ անիկա հաւասարապէս կը սպառնայ բոլոր պետութիւններուն` անկախ անոնց չափէն եւ զարգացման աստիճանէն: Անոր համաձայն, թէեւ համամոլորակային արտանետումներուն մէջ Հայաստանի բաժինը մեծ չէ, բայց եւ այնպէս Հայաստանը` իբրեւ զարգացող երկիր, յանձնառու է իր ներդրումը ունենալ համամոլորակային ջանքերուն մէջ:

Ամփոփելով ելոյթը` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բոլորը անհանգստացնող արդի համաշխարհային սպառնալիքները ո՛չ ազգային սահմաններ, ո՛չ միջազգային իրաւունք, ո՛չ քաղաքակրթութեան չափանիշներ կը ճանչնան: Այսօրուան փոխկապակցուած եւ համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ մէկ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը հաւաքական առումով բոլորին մարտահրաւէրն է: Հետեւաբար` լուծումները պէտք է ըլլան համապարփակ, համաձայնեցուած եւ համադրուած»: