Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը Միջազգային քրէական դատարանին դիմում կը ներկայացնէ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ 12 Մայիս 2021-էն ի վեր Ատրպէյճանի ապօրինի բռնագրաւման տակ գտնուող հայկական տարածքի մէջ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան շուրջ նախնական հետաքննութեան ձեռնարկելու։
Դիմումը կը ներառէ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնի կողմէ հաւաքուած ու արձանագրուած վկայութիւններ, որոնք կը հաստատեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ ծրագրուած, դրդուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը։