Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պոլսահայ ներկայացուցիչ, Իսթանպուլի Պաքըրքոյի շրջանային խորհուրդի նախկին անդամ Օհաննէս Կարապետեան ստանձնած է Պաքըրքոյ շրջանի ՏԻՄ ղեկավարի խորհրդականի պաշտօնը:
Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական «Ակօս» թերթի տեղեկացմամբ` Կարապետեանի գործունէութիւնը կապուած պիտի ըլլայ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս Իսթանպուլի հայ համայնքին յուզող խնդիրներուն հետ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
«Ակօս»-ի հետ զրոյցին Կարապետեան նշած է, որ աշխատանքներ պիտի տարուին յատկապէս հայկական դպրոցներուն, զբօսանքներուն եւ յուղարկաւորման արարողութիւններուն տրամադրուող հանրակառքերու թիւի մեծացման, հայկական Տատեան դպրոցին եւ համայնքի նմանատիպ կառոյցներուն առաւել մեծ աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:
Նորանշանակ խորհրդականը ընդգծած է նաեւ, որ իր գործունէութիւնը պիտի չի սահմանափակուի միայն հայ համայնքի խնդիրներով: Ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի պահուին նաեւ յունական եւ սուրիական համայնքին յուզող հարցերը: Օհաննէս Կարապետեան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ աշխատանքներ պիտի տարուին Պաքրքոյի մէջ փակուած հրէից սինակոկի բացման ուղղութեամբ: