Չեխիայի պատգամաւորներու պալատի նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

Եռօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան  գտնուող Չեխիայի Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէգի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 3-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` պատուիրակութեան ղեկավարն ու անդամները Չեխիայի խորհրդարանի անունով ծաղկեպսակ դրած են Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ: Անոնք լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Չեխ խորհրդարանականները Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացած են Հայոց մեծ ողբերգութեան մասին պատմող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմուշներուն, արձանագրութիւն կատարած յուշամատեանին մէջ: