Որքա՜ն մեծ հարստութիւն է, երբ կեանքիդ ուղեւորութեան ընթացքին, կը հանդիպիս, հսկաներու՝ իրենց անծայրածիր գիտութեամբ, խորունկ հաւատքով ու արտադրութեան անսահման աշխատանքի կամքով, եւ գէթ պահ մը կ’անդրադառնաս մտքիդ իսկական հասակին, կը զգաս «Ծանիր Զքեզ»դ եւ վերջապէս կ’երեւակայես այդ հարստութեանդ մէջ աղքատութիւնդ…:
Վերոյիշեալ տողերը բանաստեղծական կամ փիլիսոփայական թռիչքներ չեն, այլ հարազատ նկատողութիւններ, երբ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրատուն այցելեց դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վ. Թոփալեան ընկերակցութեամբ՝ Պրն. Գրիգոր Ճապուռեանի՝ երկրորդ ազնւութեան մարմնացում մը:
Հայր Սուրբը Լիբանանի Այնճար գիւղի հոգեւոր հովիւ, իր համալսարանական ուսումնաշրջանը կ’ունենայ 1967-1973 Վիեննա, կը տիրանայ Վիեննայի համալսարանէն 1986-ին՝«Մագիստրոս» եւ 1987-ին «դոկտոր» աստիճաններուն Աւստրիա (նկատելի է երկու աստիճաններու՝ մէկ տարուայ տարբերութեամբ:
… Եւ այսպէս աշխատակցելով 30-է աւելի հայկական թերթերու, ստանձնելով «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական ուսումնաթերթին, Վիեննա (1984-1987), Վիեննայի համալսարանի ընդեւրոպական լեզուներու հաստատութեան մէջ վերաբացուած հայագիտական ամբիոնին վարիչ ու դասախօս (1977-1979), ուր կը դասաւանդուէր մեր Գեղօն գրաբարը թիւով 15 մասնագէտներու՝ իբրեւ աշակերտ, որոնք հետագային դարձան ուսուցչապետներ (բոլորն ալ գերմանացի), կամ ան ըլլալով հիմնադիր – խմբագիր ուսումնաթերթերու (Մարիամ մարիամագիտական ուսումնաթերթ՝ 2003-էն սկսեալ, Այնճար, Լիբանան), ստեղծելով ու դասաւորելով «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հ. Կ. ժողովրդապետութեան դիւանին, Այնճար (Լիբանան), 9 Ապրիլ 2014-ին « Censeur Theologique et Expert Historique -Աստուածաբանական Գրաքննիչ եւ Պատմաբան Մասնագէտ» 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին 43 նահատակներու «երանացման» դատին համար ստեղծուած յանձնախումբին, Պէյրութ… եւլն…:
Գաւաթ մը սուրճի ու քաղցրեւիններու շուրջ մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին ի յայտ եղաւ որ Հայր Սուրբը հեղինակած է 71 գիրք (տպագրական վրիպում չէ. կը կրկնենք 71 ուսումնասիրութիւն – հատորներ):
Յանկարծ նկատեցինք հաստափոր գիրք մը, աւելի մատեան մը, հանգչած սեղանին վրայ իր առջեւ: Ան հանդարտօրէն մակագրեց եւ համեստօրէն նուիրեց «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի գրադարանի հաւաքածոյին: Գիրքին խորագիրն էր «Դանիէլ Վարուժան՝ Հոգեկանութեան Ծիրէն Ներս». տպագրութիւն Այնճար 2022, կրելով Մեսրոպ Հայունի իբրեւ իր գրչանունը եւ մասնաւորաբար բովանդակելով 30-էջնոց աղբիւրացանկ մը:
Մենք բոլորս քաջածանօթ ենք Դանիէլ Վարուժանին, իր անհերքելի բանաստեղծական կոթողներով:
Սակայն դոկտ. Հ. Մեսրոպի մեկնաբանութիւնը յայտնութիւն մըն էր: Դանիէլ Վարուժան հոգեկանութեան ծիրէն ներս… եւ այդ՝ լաւագոյնս փաստելու համար գիտութեան կողքին պէտք է ներկայ ըլլար նաեւ խորունկ հաւատք… հաւա’տք՝ որ դառնար գիտութեան՝ ներշնչում (մենք ընդհանրապէս կ’ակնկալենք հակառակը):
Այս հրաշագեղ հատորը բացատրութեան կը կարօտէր.
«Նկատի առած եմ.- ըսաւ ան.- որ աշխարհիկ հայ բանաստեղծներէն գրեթէ չկայ որեւէ մէկը, որ գոնէ քառեակ մը գրած չըլլայ «Աստուածամօր», «տիրամօր», «սիրամօր» մասին՝ օրինակ Դանիէլ Վարուժանը, Պարոյր Սեւակը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, ֆրանսահայ Բիւզանդ Թոփալեանը, Միսաք Մեծարենցը…եւլն:
Ես մարիամաբան, մարիամագէտ եմ, այսինքն մատենագրութեան մէջ, մեր սուրբ հայրերը եւ հոգեւոր մատենագիրները ուսումնասիրած եւ միշտ գտած իմ Տիրամօր մասին գրութիւններ եւ նոյնիսկ կը համարձակիմ ըսելու, մեր ազգը մարիամական, մարիամասէր է»:
Հայր Սուրբը շարունակեց.-
«Դանիէլ Վարուժան՝ հոգեկանութեան ծիրէն ներս՝ մի քանի գլուխ նուիրած եմ Տիրամօր: Վարուժանի նամակներուն մէջ հանդիպած եմ քառեակներ որոնց մէջ ակնյայտ է՝ Տիրամօր հզօր ներկայութիւնը: Չեմ փափաքիր մարդու մասին գրել այլ կը փափաքիմ ներկայացնել Տիրամօրը նուիրուած անդրադարձները: Յառաջիկային կը ծրագրեմ հրատարակել մարիամագիտական հատոր մը՝ Տիրամայրը հայ բանաստեղծութեան ու հայ մատենագրութեան մէջ, Տիրամայրը Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի գործերուն մէջ»:
Մեր խօսակցութեան ընթացքին երբ ակամայ հարց տուինք, թէ ան Վիեննայի մխիթարեանական է, Հայր Սուրբը վայրկեանի մը համար կորսնցուց իր ծայրագոյն համեստութիւնը ու ծայրագոյն հպարտութեամբ ըսաւ.- «բայց անշուշտ ես մխիթարեանական մըն եմ. Մխիթար Աբբահօր աշակերտը: Աբբահայր մը որ մասնագիտական չափանիշով որքա՜ն հեռատես առաջնորդ մը եղած է: Կղզին ինք շինեց, Վանքը ինք տարածեց, մանաւանդ իր պատրաստած բառարանը միջազգային բառագիտութեան մէջ 6-րդ տեղը կը գրաւէ: Վիեննայի հսկայ ձեռագրատուները նոր դարագլուխ բացին հայոց աշխարհի մէջ: Մալխասեան (4 Հատոր), Աճառեան (արմատական) բառարանները ատոնք՝ ունեցան իբրեւ աղբիւր:
Աւելի սակաւախօս էր ընկերակիցը՝ Պրն. Գրիգոր Ճապուռեանը: Փափաքեցանք խօսակից դարձնել ու յանկարծ մէջտեղ եկաւ, որ ինքն ալ ուրիշ տիտան մըն էր, տարբեր բնագաւառի մէջ: Իր ուսումին ու գիտութեան առընթեր Պրն. Ճապուռեան եղած էր մեկենասը ոչ միայն այս վերջին հատորին այլեւ մի քանի ուրիշ հրատարակութիւններու. մանաւանդ եղած էր նիւթական մատակարարը հոգեւոր կեդրոնի նորոգութեան, մէկ խօսքով բարերար մը:
Այս առիթով հպարտութեամբ կ’արժէ արձանագրել, որ 2024 Յունուար 18-ին, դոկտ. Հայր Սուրբը դարձաւ Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) պատուաւոր անդամ եւ արժանացաւ մետալի:
Այդ միջոցառումին ներկայ էր նաեւ Մարօքի եւ Թունիսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան որուն միջնորդութեամբ կազմակերպուած էր այն պարգեւատրման արարողութիւնը:
Մեր հանդիպումը կարելի չէր վերջ գտնել, կամ, երբե’ք կարելի չէ’ վերջ գտնել. հանդիպում մը, որ պիտի մնայ երկա՜ր ժամանակ մեր մտքին ու հոգւոյն մէջ:
Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով մեզի շատ սիրելի ու յարգելի դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Թոփալեանի իր բազմաբեղուն ստեղծագործութիւններուն եւ մանաւանդ Տիար Գրիգոր Ճապուռեանի իր բարձրհոգի առաքելութեան:
Մնամք յարգանօք՝
Պ.Գ.