Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները կրկին կոչ ըրած են ճանչնալու անցեալի վայրագութիւնները եւ ապագային հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերելու բոլոր քաղաքացիներուն հանդէպ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թրքական պետութիւնը մինչ օրս չէ ճանչցած վայրագութիւններն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ պատժել անոնց, որոնք հանդէս կու գան ճանաչման եւ հաշտեցման օգտին:
«Անհրաժեշտ է առերեսուիլ անցեալի հետ»,- Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին յայտարարած է Ժողովրդավարական տարածաշրջաններու կուսակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ կը կիսեն հայ ժողովուրդին ցաւը եւ յարգանքով կը յիշեն անոնց, որոնք զոհ դարձած են։
Յայտարարութեան մէջ կոչ կ՝ընեն պահպանելու հայկական եկեղեցիները, գերեզմանատեղիները, կրօնական վայրերու ազատ օգտագործումը եւ քաղաքացիներու հաւասարութեան վրայ հիմնուած իրաւական բարեփոխումները:
«Չափազանց կարեւոր է հրաժարիլ ժխտողականութենէն եւ իւրաքանչիւր հայ ճանչնալ իբրեւ պատմութեան վկայութիւն»,- աւելցուցած են անոնք՝ կրկնելով հանգուցեալ հայ մտաւորական Հրանդ Տինքի խօսքերը:
Բացի այդ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է նաեւ Տիգրանակերտի փաստաբաններու ընկերակցութիւնը՝ նշելով․ «Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին պետութիւնն ու մեր աշխատակազմը պայքարի մէջ կը մտնեն ճշմարտութեան համար, թէ ինչպէս մեկնաբանել անցեալի իրադարձութիւնները»,- ընդգծած են անոնք՝ շեշտելով, որ բացայայտ արտայայտուելու համար կը բախին մշտական իրաւական խնդիրներու։
Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը (DEM) նոյնպէս իր համերաշխութիւնը յայտնած է հայ համայնքին․ «Մենք կը կիսենք Հայոց Ցեղասպանութեան վիշտը, որ սկսած է 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին մտաւորականներու տեղահանումով, որ յանգեցուցած է զանգուածային արտաքսման եւ կոտորածի»,- յայտարարած են կուսակցութենէն՝ ընդգծելով, որ անցեալի յանցագործութիւնները պէտք է ճանչցուին, որպէսզի ճանապարհ հարթեն դէպի խաղաղութիւն եւ համախմբուած հասարակութիւն: