Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր ծայրերը աշխարհի` բազմաթիւ են Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանները, քարակոփ կամ պրոնզաձոյլ յիշատակարանները, խաչքարերը, հրապարակային միւս յիշատակարանները, հայ կամ օտարազգի արդարասէր մարդոց ձեռքով տեղադրուած: Սակայն ոչ մէկ յուշարձան, կամ չնկատուելու չափ քիչ են Ցեղասպանութենէն փրկուածներու, վերապրածներու յիշատակը յաւերժացնող կոթողներ: Յուշարձաններ չկան Չանղըրըի, Տէր Զօրի, հայերու սպանդանոց դարձած միւս դժոխավայրերէն հրաշիւք իմն փրկուած տասնեակ հազարաւորներու, հարիւր հազարաւոր որբերու յիշատակին նուիրուած, նոյնիսկ` Քորֆուի, Կիւմրիի, Սեպիլի, Ճիպէյլի եւ այլ վայրերու մէջ ամերիկեան, դանիական, շուէտական եւ այլ ազգի մարդասէրներու կողմէ հաստատուած որբանոցներու, կուրանոցներու, բուժարաններու, անկելանոցներու եւ զանազան պատսպարաններու ոդիսականը ներկայացնող: Այն վերապրողներուն` որոնք հետագային պիտի կազմաւորէին Սփիւռքի Միջին-Արեւելեան ու եւրոպական գաղութները, որոնք պիտի շինէին ու վերաշինէին ամբողջական Հայաստանէն մնացած վերջին հողակտորը` Առաջին ու Երկրորդ հանրապետութիւններու տարիներուն: Վերապրողներու յուշարձան չկայ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, ուր որբերու այդ սերունդն էր, որ գաղթակայաններու եւ որբանոցներու պատերէն դուրս գալով, անասելի տառապանքներու մէջէն անցնելով ջրանցքներ կառուցեց, ճահիճներ ցամքեցուց, մշակեց հայրենի հողը, գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ կառուցեց: Յար եւ նման Միջին Արեւելքի իրենց բախտակից սերունդին, որ օտար, բայց հիւրընկալ երկիրներու տարածքին, դուրս գալով գաղթակայաններու, հիւղաւաններու, ժամանակին տարածուած բառով` քեմփերու գռիհներէն` եկեղեցի, դպրոց, մարզական խումբեր, միութենական ու կուսակցական ակումբներ ստեղծեց, նաեւ` կօշկակարներու, դերձակներու, ատաղձագործներու, ներկարարներու, երկաթագործներու, լուսանկարիչներու, ապա նաեւ ոսկերիչներու եւ խոհարարներու արհեստանոցներ` որոնք հետագային, տասնամեակներ յետոյ, վերածուեցան վաճառաշահ կեդրոններու:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ինծի ծանօթ ուրիշ որեւէ ժամանակ չեմ գիտեր, որ հայութիւնը այդքան գործնամիտ ու ոգեպինդ եղած ըլլայ, որքան 1915-էն 1940-ականներուն: Ընդոծին այդ ի՜նչ ներուժ էր, ազգային այդ ի՜նչ կորով, որ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայերը, մեր` իմ սերունդի հայրերն ու մայրերը, ոչ միայն կենդանի մնացին, այլ` շատ աւելին` ստեղծեցին հայ մնալու պայմաններ իրենց ապագայ սերունդներուն համար: Եկեղեցի, դպրոց, թատրոն, մամուլ, սկսելով սահմանային Ազազէն, Արաբ-Բունարէն, Արշակ Չօպանեանի եւ բարեկամներու ջանքերով փրկուած Քեսապէն, Պիթիասէն, Գամիշլիէն մինչեւ Լիբանանի Ճիպէյլ, Ճիւնի, Զահլէ, Պէյրութի եւ անոր արուարձանները, հասնելով մինչեւ Հայֆա, Եաֆա, Երուսաղէմ եւ այլուր: Ուսուցի՞չ չկար: Հիմնուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը իր վարժապետանոցով` Կիպրոսի մէջ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը` Պէյրութի, նոյն գործին հրաւիրելով Անթիլիասի կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Ժառանգաւորացի շրջանաւարտները: Դպրոցաշէնքեր չկային, եկեղեցիներուն սրահները, բաժնուած «դասարաններու», կ’օգտագործուէին անոնց փոխարէն` հայոց այբուբէնը, 1+1-ը սորվելու:
Այդ ի՜նչ գործնապաշտութիւն էր, որ «Որբերու հայրիկին»` Ռուբէն Հերեանին մղեց շրջիլ ու մտնել անապատի աշիրաթներուն վրանները եւ «մէկ հայ որբուկ` անգլիական մէկ ոսկիի դիմաց» գործարքով հարիւրաւոր երախաներ փրկել ուծացումէ, զանոնք որբանոցներու մէջ տեղաւորելու համար:
Այդ ի՜նչ գործնամտութիւն էր, որ մեր նախախնամ կազմակերպութիւնը` Հ.Բ.Ը. Միութիւնը մղեց ձեռնարկելու իր աներեւակայելի նախաձեռնութիւններէն մէկը: Ամէն կիրակի առաւօտ, Բարեգործականի տեղական պատասխանատուները որբանոցներու մէջ շարքի կը կանգնեցնէին 18 եւ աւելի բարձր տարիքի որբուհիները` «աղջիկտեսի», մինչ հայ արհեստաւոր տղաքը կու գային անոնցմէ իրենց ապագայ կողակիցը ընտրելու… Բարեգործականը չէր մոռնար նաեւ ապագայ այդ մայրիկներուն փոքրիկ օժիտ տալու «իր» պարտականութիւնը:
Ու տակաւին չմոռնանք հայակերտումի ու հայապահպանութեան տեսակէտէ իսկական սխրանքը` Եղեռնէն վերապրած արեւմտահայերու եւ յատկապէս կիլիկիահայերու դարձը թրքախօսութենէ դէպի հայախօսութիւն: Միայն պետական միջոցներ ունեցող հաւաքականութիւն մը կրնար իրականացնել այդպիսի առաքելութիւն, որ սկսելով դպրոցներէն, «թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» կարգախօսով խանութներէն, փողոցի պատերէն ու թերթերէն թափանցեց հայու տուներ, կուսակցական ու մարզական ակումբներէն մտաւ ժողովրդային խաւեր եւ, հետագային, երբ բոլորը զինուորագրուեցան Հայ դատին, դարձաւ անգիր օրէնք եւ վարքականոն` «Խօսէ՛ հայերէն»:
Եւ այս բոլորին մէջ իր կարեւորագոյն դերը ունեցաւ ամերիկահայութիւնը, որ սիրտ ու քսակ բացաւ տնտեսական թշուառութեան մէջ գտնուող իր ազգակիցներուն հայապահպանութեան եւ հայակերտումի կարիքներուն ու ջանքերուն առջեւ: Ամերիկահայութիւնը` որ ինք ալ դպրոցի ու կրթարաններու պէտքը ունէր ձուլման վտանգներուն դէմ: Ամերիկահայութիւնը` որ լիաբուռն մասնակցեցաւ, Առաջին հանրապետութեան օրերուն, Զօր. Անդրանիկի նախագահութեամբ, հայրենիքի «Փրկութեան հանգանակութեան», իսկ աւելի ուշ, այս անգամ` Յովհ. Թումանեանի նախագահութեամբ, Հայ Օգնութեան կոմիտէի (ՀՕԿ) դրամահաւաքին` ի խնդիր Մայր հայրենիքի շինութեան ու շէնութեան: Անգործ չմնացին նաեւ հայրենակցական միութիւնները, ամերիկահայկական իրենց կեդրոններով, անոնց շարքին` նաեւ այս թերթը` Պոսթոնի «Պայքար»ը, որուն ղրկած գումարով Երեւանի կեդրոնը կառուցուեցաւ Գիւղատնտեսական (Ագրարային) համալսարանի շէնքը գեղեցիկ եւ հաստատուն: Հայրենակցականները հիմը դրին, արդէն Մայր հայրենիքի մէջ, Նոր Արեշ, Նոր Հաճըն, Նոր Քղի, Նոր Խարբերդ, Նոր Մարաշ, Նոր Զէյթուն, Նոր Այնթապ եւ միւս բնակավայրերուն, ի յաւելումն Պօղոս Նուպար փաշայի կառուցած Նուպարաշէն աւանին, Հ.Բ.Ը. Միութեան կառուցանած հիւանդանոցներուն, Դարուհի Յակոբեան մայրանոցին, ակնաբուժարանին, Կարապետ աղա Մելգոնեանի (այս անգամ` Եգիպտոս-Սուտանէն) կառուցած Ազգային գրադարանէն:
Եւ այս ամէնը` վերապրողները վերապրողներուն` որպէս հայ վերապրելու համար:
Իսկ ո՞ւր է այդ ամբողջը խորհրդանշող յուշարձանը, որ պիտի խորհրդանշէր Հայուն յաղթանակը ցեղասպան Թուրքին դէմ:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Երեւան
«Պայքար» շաբաթաթերթ