ՄԻՊ. «Լրագրողներու թիրախաւորումն ու առերեւոյթ բռնութեան դէպքերը անթոյլատրելի են»

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը խիստ մտահոգիչ կը համարէ վերջին շրջանին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու մասնագիտական գործունէութեան առերեւոյթ խոչընդոտելու կամ անոնց մասնագիտական գործունէութեամբ պայմանաւորուած` թիրախաւորման եւ առերեւոյթ բռնութեան դէպքերը: Այս մասին ըսուած է ՄԻՊ աշխատակազմի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«ՄԻՊ աշխատակազմին կողմէ իրականացուող մշտադիտարկումներուն իբրեւ արդիւնք վեր հանուած դէպքերուն վերաբերեալ՝ Պաշտպանի յանձնարարութեամբ կապ հաստատուած է ԶԼՄ ներկայացուցիչներու հետ՝ միջադէպերուն վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով:

Պարզաբանումներ պահանջուած են նաեւ իրաւասու մարմիններէն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը պահանջած է նշուած դէպքերով գործերուն պատշաճ քննութիւն։

Լրագրողներու մասնագիտական գործունէութեան պատշաճ երաշխաւորման բնագաւառին մէջ առկայ շարք մը խնդիրներ տեղ գտած են նաեւ Պաշտպանի տարեկան հաղորդման շրջանակներուն մէջ։ Պաշտպանը հետեւողական պիտի ըլլայ անոնց լուծման հարցով։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ՝ընդգծէ, որ լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու մասնագիտական պաշտպանուած եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը ունի մեծ հանրային կարեւորութիւն։

Իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը իրականացնելու կամ ատոր հետ կապուած՝ լրագրողներու թիրախաւորման, առերեւոյթ բռնութեան դէպքերը անթոյլատրելի են, իսկ իրաւասու մարմինները պէտք է պատշաճ քննարկման առարկայ դարձնեն ցանկացած դէպք, որ կրնայ վկայել լրագրողի մասնագիտական գործունէութեան խոչընդոտելու մասին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: