Միջ մշակութային երկխօսութեան 4-րդ համաշխարհային համախմբումի ծիրին մէջ Պաքուի եւ բռնագրաւուած Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան քառասուն երկրի կրօնական ղեկավարներու եւ հասարակական գործիչներու հանդիպումներ:
Այս մասին յայտարարած է Կովկասի իսլամներու գրասենեակի նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին բաժինի ղեկավար, պատրիարք Քիրիլի փոխանորդ, մեթրոփոլիթ Անաթոլիի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Փաշազատէ ընդգծած է, որ Կովկասի իսլամներու գրասենեակի եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան վրայ:
Ան բարձր գնահատած է պատրիարք Քիրիլի` հայ-ատրպէյճանական տագնապը կրօնականի վերածուիլը չարտօնելու ջանքերը: