ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը անձամբ ներգրաւուած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Վետանթ Փաթէլը:
«Սա աշխարհի այն հատուածն է, որու խնդիրներու լուծման գործով պետական քարտուղարը անձամբ խորապէս ներգրաւուած է։ Իր պաշտօնավարման ընթացքին ան պարբերաբար համագործակցած է այդ երկու երկիրներուն հետ»,- նշած է ան:
Փաթէլ յաւելած է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ հաւատալ, որ երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եւ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: