Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն հետեւող մարդոց համար բացորոշ է արդէն, որ որոշակի փուլի մը «լռութեան» մատնուած «հարթակներու պայքար»ը նոր հուն մը մտած է։
Խօսքն անշուշտ կը վերաբերի բանակցային գործընթացին, որ առաջ կը մղուի մէյ մը «Արեւմտեան Պլոք»ին եւ մէյ մըն ալ Ռուսաստանին կողմէ։Հայաստան յայտնուած է բարդ դրութեան մը առջեւ, իսկ ներկայ իշխանութիւններուն շփոթահար իրավիճակը աւելիով կրնայ բարդացնել սահմանային անվտանգութեան «տագնապալի» վիճակի մը առաջ կանգնած մեր երկիրը։ Եթէ անցեալ փուլերուն աւելի քան յստակ էր, որ Ռուսաստան ըլլալով զբաղուած մասնաւորապէս՝ Ուքրանական ճակատին մասամբ «հեռու» կը մնար գործընթացներուն ուղղակիօրէն «միջամտելու» ընտրանքներէն, այսօր արդէն առաջուան վիճակը մասամբ փոխուած է։
Եթէ ոչ ուղղակիօրէն, ապա տարբեր մեթոտներով Ռուսիան, ոչ միայն կը հետեւի ընթացքներուն, այլ տարբեր ձեւաչափերով ալ կը փորձէ իր մօտեցումները պարտադրել։ Ռուսաստանի դերին մասին, անոր թերացումներուն ու յատկապէս Արցախեան ճակատին անոր կողմէ գործուած սխալներուն ու թերացումներուն մասին շատ բան գրուեցաւ։
Տարբեր ընկալումներով հանդէս եկող վերլուծաբաններ փորձեցին ու դեռ ալ կը փորձեն եղածներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը «բարդել» ռուսներու ուսերուն, սակայն եկուր տես որ այդ մօտեցումն ալ ոչ այդքան իրատեսական է։ Նախ մեծագոյն ապացոյց է, որ հակառակ ամէն տեսակի շրջադարձային քայլերուն ռուսական բանակը, (խաղաղապահ զօրքերը խմբ.՝ Ս. Արեան) կը շարունակեն մնալ Ղարաբաղի մէջ եւ մէկը բոլորիս համար մտածելու տեղիք պէտք է դառնայ։ Ճիշդ է, որ այդ բոլորը կը դրսեւորուին ու կը կատարուին Պաքու-Մոսկուա յարաբերութիւններու ջերմացման ֆոնին, բայց միայն այս տուեալը բաւարար տուեալ մը չէ, որպէսզի մարդ ճիշդ հասկնայ եւ ճիշդ ընկալէ զարգացումները։
Երկրորդ կայ վարկած, որ ինչ ալ պատահի ռուսաց կողմը չի պատրաստուիր իր ձեռքերը «կապել» Հարաւային Կովկասի մէջ հետեւաբար Քրէմլի համար էականը այն չէ, որ այսօր ով կ՚ապրի, կամ շուտով ով պիտի փոխարինէ Ղարաբաղի հայութիւնը, այլ այն փաստը, որ ով կայ այդ հողերուն վրայ։
Ու հոս է նաեւ, որ մարմին կ՚առնէ մեծագոյն հարցադրումը, որ շեշտակիօրէն կը դրուի եւ կը խօսի այն մասին, թէ արդեօ՞ք Մոսկուա իր ռազմավարական քայլերով կարողացաւ կամ պիտի կարողանա՞յ թրքական ներկայութիւնը նօսրացնել Ղարաբաղի լեռնային հատուածներուն մէջ։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք ու խորքային իմաստ մը տալու ընթացող զարգացումներուն հարկ է արդէն հասկնալ, որ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ Հայաստան յայտնուած է դիտողի դերով ու անկէ անդին ալ կան բաւականին «կարմիր գիծեր», որոնց տրորումը՝ Հայաստանի կողմէ կրնայ լուրջ վտանգներու տանիլ մեր երկիրը։
Խօսքը ռուսամէտ կամ արեւմտամէտ ըլլալ-չըլլալու մասին չէ անշուշտ, այլ իրողութիւններն ու խաղացող կողմերու կշիռքն, ազդեցութիւնն ու ապագայ քայլերը կանխատեսելու մասին, որ ըստ երեւոյթին ՀՀ իշխանութիւններուն համար այդքան ալ կարեւոր դրոյթ մը չէ։
Ու այստեղ է իրական վտանգը։
Ամէն պարագայի լաւ հասկնալու համար «ընթացող խաղ»ն ու այդ խաղէն բխող իրադարձութիւնները հարկ է «ջուրը աղբիւրէն խմել» ու կարդալ ռուսազգի վերլուծաբան Սթանիսլաւ Տարասովի օրեր առաջ հրապարակուած յօդուածը, որ լոյս տեսած է ռուսագիր iarex.ru կայքին մէջ։
Ստորեւ յօդուածին արեւմտահայերէն տարբերակը յատուկ՝ «Ապագայ»ի ընթերցողներուն։
Տարասով մասնաւորապէս կը գրէ՝
Յառաջիկային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները ղազախական կողմի առաջարկով պիտի հանդիպին Ալմա Աթայի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ալիեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ: Ի դէպ, մինչ այդ Պլինքըն հեռախօսով կապ հաստատած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետին հետ: Այս կապակցութեամբ Պաքուի եւ Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ կ’ըսուի, թէ «ամերիկեան կողմը նախաձեռնած է 5 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման քննարկումը, ինչպէս նաեւ բուն բանակցային գործընթացը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ»: Սակայն նման խմբագրութեամբ հաղորդագրութիւններէն կ’երեւի Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ արեւմտեան հարթակներու վրայ միջնորդելու հարցով։
Բանակցութիւններու տեղափոխումը յետխորհրդային տարածք կրնայ կասկածներ առաջացնել Արեւմուտքին մօտ աշխարհաքաղաքական վերափոխման վերաբերեալ, որ հնարաւոր էր 2020-ի 9 Նոյեմբերի Ռուսիա-Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղ համաձայնագիրի ամբողջական իրագործման պարագային, եւ ոչ թէ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած միւս պայմանաւորուածութիւններու պարագային: Այս պարունակին մէջ Պլինքընի զանգը Իլհամ Ալիեւին եւ Նիկոլ Փաշինեանին կ’ընկալուի որպէս «քննութիւն» տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակի մեկնարկէն առաջ։
Իրօք, իրավիճակին մէջ կը մտցուին նոր որոշակի ճշգրտումներ։ Յիշեցնեմ, որ վերջերս 2001-էն ի վեր առաջին պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած էր Ղազախստանի նախագահ Տոկաեւ: Մինչ այդ ան գտնուած էր Պաքու։ Այդ կը յուշէ, որ Ասթանայի դիւանագիտական աշխուժացումը անդրկովկասեան ուղղութեամբ պատահական չէ։ Աւելին, նախօրէին Տոկաեւ խօսած է Ղազախստանի շահագրգռուածութեան մասին՝ «մեր բարեկամ երկու պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուտափոյթ կնքման» հարցով։
Պատճառն ակնյայտ է։ Տոկաեւ, ինչպէս եւ Ալիեւ, առաջ կը տանին, «Միջին միջանցք» հաղորդակցական նախագիծը, որ, եթէ Զանգեզուրի միջանցքը միացուի անոր, իրար կը միաւորէ Ղազախստան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Թուրքիա։
Հաշուի առնելով իրավիճակի զարգացումը տարածաշրջաններու մեծ մասին մէջ, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքը, ղազախ եւ ատրպէյճանցի փորձագէտները կը կարծեն, որ «Միջին միջանցքը» կրնայ դառնալ ամենակայուն երթուղին Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռնափոխադրութիւններու համար:
Միեւնոյն ժամանակ, անոնք կը կարծեն, որ փոխադրամիջոցները եւ բեռնափոխադրութիւններու հոսքը միայն սառնալերան գագաթն են: Երեւան կու գայ նաեւ Պաքու-Երեւան-Անգարա եռանկիւնը, որ լրջօրէն կը տեղաշարժէ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, իսկ Ասթանան ձեռք կը բերէ ինքնաբաւ եւրասիական ենթակայական կարգավիճակ, որ կրնայ ոչ միայն առաջացնել եւ առաջարկել գաղափարներ եւ լուծումներ, այլ նաեւ տանիլ զանոնք գործնական իրականացման։
Անգարան նոյնպէս իր ազդանշաններն ուղարկած է Երեւանին։ Էրտողան Հայաստանին կոչ ըրած է արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու պահը եւ բացուած հնարաւորութիւններու պատուհանը:
Սակայն անմիջապէս յայտնուած են կարեւոր նրբերանգներ: Նախ՝ Պլինքընի կոչերը յաջորդած են Մոսկուայի մէջ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի հանդիպումին։ Այս՝ առաջին։
Երկրորդ՝ միայն Ալիեւ յայտարարած է Ղազախստանի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասին Պլինքընի հետ զրոյցէն յետոյ։ Այնուհետեւ նման հանդիպում կատարելու հնարաւորութեան մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը։ Ընդ որում՝ միայն Ալիեւ կ’ըսէ, որ Ատրպէյճան ու Հայաստան ընդհանուր պատկերացում ունին, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ իրենց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ կը մնայ միայն մշակել մանրամասնութիւնները: Իսկ ՀՀ վարչապետը լուռ է։
Երրորդ՝ կ’ընդունի՞ն արդեօք «Միջին միջանցքի» մասնակիցները Հայաստանի թեքուածութիւնը դէպի Արեւմուտք, յատկապէս անոր հետ ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման մասով։ Բացի այդ, կարելի չէ բացառել Երեւանի մէջ Հայաստանի ղեկավարութենէն ներս այս նախագիծին վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտնուիլը։ Հնարաւոր է, որ այն պատրաստ է վերբեռնել յարաբերութիւնները Պաքուի եւ Անգարայի հետ, բայց միայն հակառուսական հիմքով։
Ըստ երեւոյթին, նոյնպէս պատահական չէ, որ ՀՀ վարչապետը դեռ չէ մեկնաբանած Ղազախստանի դիւանագիտական ջանքերը եւ որոշած է չբարձրացնել անոնց կարգավիճակը։ Հնարաւոր է այն պատճառով, որ փակագիծերէն դուրս կը դրուին Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերը եւ կը համահարթուին արտաքին գործոց նախարարութեան մշակումները, որու մասին աւելի վաղ յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել։ Խնդիրը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ երբեք չէ ընկալած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները տեղական տարբերակով, յայտարարած է, որ պատրաստ է Պաքուին եւ Երեւանին տրամադրել «ռուսական եւ իրանական լուծումներուն այլընտրանք»: Անոնք կը հասկնան, որ այս փուլին Երեւանի հետ երկխօսութեան ցանկացած միջնորդութենէ հրաժարելու մասին Ալիեւի յայտարարութիւնը կը նշանակէ խաղէն դուրս հանել Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը եւ փակել արեւմտեան բանակցային հարթակները։
Փաստ է, որ Մոսկուան վարողի դերը կորսնցնելէ յետոյ այժմ այդ դիրքը կը կորսնցնէ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը։ Բայց Մոսկուան միայն արտաքնապէս մէկ կողմ քաշուած է՝ միջնորդաբար նախաձեռնելով տարածաշրջանի իրադարձութիւններու որոշակի ընթացք։ Պաշտօնական Երեւան կը շտապէ, դեռ չունենալով համախմբուած քաղաքական դիրքորոշում։ Այժմ բոլորը կը սպասեն, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգները պիտի արձագանգէ իրավիճակին, երբ դեռ ամէն ինչ կանխորոշուած չէ։ Պլինքընի զանգը Ալիեւին եւ Փաշինեանին բացայայտեց շարք մը խնդիրներ։
Սագօ Արեան