Հրանդ Տինք եւ Թահիր Էլչի իրարու նման էին տեսքով ու պայքարով եւ սպաննուեցան նոյն ձեւով

Թուրքիոյ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ մամլոյ ասուլիսի աւարտին, լրագրողներու աչքին առաջ սպաննուած Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Էլչին, արտաքինով ու պայքարի ոգիով, նոյնիսկ սպանութեան ձեւով կը նմանցնեն Հրանդ Տինքին, կը գրէ News.am-ը:

Ինչպէս Հրանդ Տինք, Թահիր Էլչի եւս դուրս եկած էր թրքական պետական մտածելակերպին դէմ` պայքարելով ճնշուածներու, բռնութեան ենթարկուածներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու շահերուն պաշտպանութեան համար:

Դեռ 1990ականներէն որպէս փաստաբան հանդէս եկած է եւ մեծ աղմուկ հանած՝ իբր քրտական կոտորածներու գործերով տուժողներու փաստաբան ու կրցած է Թուրքիոյ դէմ Եւրոդատարանին մէջ միլիոներու հասնող փոխհատուցումներ ապահովել տուժածներուն համար:

Ազգութեամբ քիւրտ ըլլալով, կը պայքարէր թէ՛ քիւրտերու իրաւունքներուն, թէ միւս ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ան ամէն Ապրիլ 24-ին կը մասնակցէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:

 

Arm. 14 (Tahir hrant)Թուրքիոյ մէջ առաջադէմ մտաւորականները Թահիր Էլչին կը նմանցնեն Հրանդ Տինքին՝ անոնց արտաքին նմանութեան, պայքարի ոգիով` յանուն խաղաղութեան եւ նոյնիսկ երկուքի սպանութեան նմանութեամբ: Թուրքիոյ մէջ կը հաւատան, որ Թահիր Էլչին եւս կազմակերպուած սպանութեան զոհ դարձաւ` ինկած դիրքով ալ նման ըլլալով Հրանդ Տինքին: