Ռուս սահմանապահները սկսած են վերցնել Սիւնիքի մարզին մէջ իրենց դիրքերը: «Սփութնիք Արմենիա»-ի համաձայն, անոնք սկսած են փակել Գորիսի եւ Ճակատենի միջեւ գտնուող տարածքին մէջ իրենց շարժական տեղակայման կէտերը:
Անոնք այս տարածքին մէջ հաստատուած էին 44-օրեայ պատերազմէն ետք` Դեկտեմբեր 2020-ին:
Նախապէս Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Տաւուշի, Արարատի եւ Վայոց ձորի մարզերէն ռուս զինուորներու դուրսբերման մասին յայտնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարած էր, որ Հայաստանի շարք մը մարզերէն Ռուսիոյ զինուորներու եւ սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է 8 մայիսին Մոսկուայի մէջ Փութին-Փաշինեան հանդիպումի ժամանակ: