ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորկ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Վաղը Պաքուի մէջ ալ կոչ պիտի ուղղեմ կայուն յանձնառութիւն ունենալու բանակցութիւններուն նկատմամբ: Տասնամեակներ տեւած տագնապէն ու տառապանքէն ետք խիստ հրամայական կը գոյանայ:
«Իբրեւ ԵԱՀԿ, մենք պատրաստ ենք աւելի ներգրաւուած ըլլալու եւ աջակցելու շրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն, մասնաւորաբար տեղահանուածներու եւ տագնապէն վնասուած շրջաններուն մէջ ապրող անձերուն», յայտարարեց Պորկ:
«Մենք կ’աջակցինք Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, որպէսզի կարենանք համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնիլ», ըսաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը` աւելցնելով. «Մենք տեղեակ ենք, որ երկու երկիրներն ալ կը նախընտրեն երկկողմանի հարթութեան վրայ հարցերը լուծել, մենք կ’աջակցինք ատոր»:
Պատասխանելով լրագրողի «արդեօք ԵԱՀԿ-ը փակա՞ծ է աչքերը Արցախի հարցին հանդէպ: Եթէ ոչ, ապա ԵԱՀԿ-ի մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն վերադարձը» հարցումին Պորկ ըսած է, որ կազմակերպութիւնը, ի հարկէ, մարդոց համար է եւ անոնց մասին, սակայն ԵԱՀԿ-ը չի կրնար ներգրաւուիլ հոլովոյթի մը մէջ, որուն չի մասնակցիր, եւ ԵԱՀԿ-ը կը յարգէ երկու երկիրներուն դիրքորոշումը: