Կարմիր խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) Պաքուի գրասենեակի աշխատակիցները այցելած են Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ գերիներուն։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին խօսած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար՝ Զառա Ամատունին։
«Տեսակցութիւն եղած է այն բոլոր մարդկանց հետ, որոնց Պաքուի մէջ գտնուիլը հաստատուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ»,-նշեց Ամատունին՝ յաւելելով, որ այդ մարդկանց թուում են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։
2024 թուականի Յունուարի 5-ի դրութեամբ Պաքուն պաշտօնապէս կը հաստատէ 23 հայերու գերեվարման փաստը, որոնցմէ 17-ը յայտնուած են այնտեղ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումներէն ետք։ Ատրպէյճանական կողմը ձերբակալած է ԼՂ նախկին պետ նախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին, ՊԲ հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանին, նախկին արտգործնախարար Դաւիթ Բաբայեանին, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին, նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին եւ Արայիկ Յարութիւնեանին։