Հայաստանի եւ Յորդանանի ԱԳՆ-ները մտահոգութիւն յայտնած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի տարածքին ստեղծուած լարուած իրավիճակի առնչութեամբ

Երեւանի մէջ Մայիսի 15-ին տեղի ունեցած է քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ: Հայկական կողմէն մասնակցած է արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ՝ Վահան Կոստանեանը, իսկ յորդանանեան կողմէն՝ արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Մաջիդ ալ-Կատարնէն:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութենէն, կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայ բարձր մակարդակը՝ երկուստեք կարեւորելով բարձրաստիճան այցելութիւնները եւ զանազան միջազգային հարթակներուն պարբերական հանդիպումները։

«Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են երկու երկրներու միջեւ առեւտրատնտեսական, ՏՏ եւ էլեկտրոնային կառավարման բնագաւառներու մէջ, զբօսաշրջութեան, գիտութեան ու կրթութեան, մշակոյթի ոլորտներուն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն փոխգործակցութեան խորացման վերաբերեալ:

Կողմերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մօտակայքին՝ «Կովերու պարտէզ» տարածքի շուրջ ստեղծուած լարուած իրավիճակի առնչութեամբ՝ դէմ արտայայտելով ցանկացած գործողութեան, որ կը յանգեցնէ Հին քաղաքի Status Quo-ի փոփոխութեան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝ նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը յորդանանեան պատուիրակութեան ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի կայուն խաղաղութեան հասնելու հարցին ՀՀ կառավարութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը, վերջերս այդ նպատակով մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ շեշտը դնելով հաղորդակցման կապուղիներու վերաբացման հիմքին դրուած ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան առանցքային սկզբունքներու  վրայ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է իր գործընկերոջը 1991թ. Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան վերաբերեալ Յորդանանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան առնչութեամբ:

Կը նշուի նաեւ, որ յորդանանեան կողմը իր հերթին ներկայացուցած է Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի մէջ անվտանգային հարցերը, մասնաւորապէս՝ Կազայի  պատերազմի, Սուրիոյ ճգնաժամի եւ անոնց հետ առնչուող շարք մը հիմնախնդիրներու վերաբերեալ պաշտօնական Ամմանի տեսլականը: