Ընդհանուր Ակնարկ՝ «Տաւուշի Շարժումը» Վերջին Շաբթուան Զարգացումներու Լոյսին Տակ

Անցեալ Հինգշաբթի Մայիսի 9-ին «Տաւուշի Շարժումը» գլխաւորութեամբ այդ շրջանի Թեմի Առաջնորդ՝ Բագրատ Սրբազան Գալստանեանի օրեր առաջ սկսած ըլլալով քայլերթը դէպի Երեւան, հասաւ Հանրապետութեան հրապարակը: Քայլերթի ընթացքին Շարժումին միացան այլազան խումբեր եւ անհատներ:

Մայիսի 9-ին Հանրապետութեան հրապարակը լեցուած էր աննախադէպ 35 հազարի հասնող բազմութեամբ մը այնտեղ զետեղուած էր բեմը եւ բարձրախօսային արհեստավարժական մակարդակով կազմածներ: Ահա այս տպաւորիչ պայմաններու մէջ մեկնարկուեցաւ համաժողովրդային շարժումը որ ակնյայտօրէն գլխաւորուած էր առանձնապէս Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Հօր կողմէ:

Այսօրերուն, ահա աւելի քան մէկ շաբաթ անցած է Մայիսի 9-էն ի վեր եւ այդ ընթացքին բնականաբար տեղի ունեցան բազմաթիւ ելոյթներ, քաղաքական արտայայտութիւններ, եւ պահանջներ, ժողովրդական անհնազանդութեան միջոցառումներ, հանդիպումներ տարբեր քաղաքական դէմքերու, ինչպէս նաեւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ:

Մեր հրատարակութիւն՝ «Ապագա»ն՝ ըլլալով շաբաթաթերթ, ակնյայտօրէն չի կրնար ամէն օր եւ ամէն ժամ կատարուող այլազան այս զարգացումներուն արդարօրէն արձագանգել, հարազատ պատկերացում մը տալու համար կատարուող իրադարձութեանց:

Հետեւաբար առ այժմ, մեր յաջորդական թիւերուն մէջ լրատուական գետնի վրայ պիտի կեդրոնանանք ընդհանուր թուարկում մը տալով մինչեւ այդ օր կատարուած զարգացումներուն մասին, մեր վերլուծական արտայայտութիւնը թողելով մեր խմբագրական յօդուածներուն: Այս վերջինները իրենց կարգին կ’ակնկալենք, որ կատարուին յատկապէս այն հանգրուաններուն, ուր արդէն իսկ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ կատարուածները ստացած ըլլան որոշ առարկայական նկարագիր եւ դիմագիծ, աւելի քան, պարզապէս մեծ թէ փոքր պատահարներու մակարդակ եւ տարողութիւն:

Այսօրուայ դրութեամբ կարելի է ըսել, թէ Մայիսի 9-ին ժողովրդային այդ տպաւորիչ թիւ ներկայացնող հանրահաւաքին գլխաւոր եզրակացութիւնը եղաւ Շարժումը գլխաւորող Սրբազան Հայրը որ ուղիղ պահանջէ, որ Վարչապետ Փաշինեան մէկ ժամ պայմանաժամուայ մէջ ներկայացնէ իր հրաժարականը: Հրաժարականը տեղի չունեցաւ: Յաջորդ ուղեգիծը, միշտ արտայայտուած Սրբազան Հօր կողմէ, հրաւէր պահանջն էր Շարժումի հետեւորդներէն, որպէսզի յաջորդող օրերուն անոնք կատարեն քաղաքացիական անհնազանդութեան գործառումներ, փակելով կարեւոր ճամբաներ, ինչպէս նաեւ համոզիչ աշխատանքներ կատարելով Ազգային Ժողովի Ք.Պ.-ական պատգամաւորներու մօտ, որպէսզի անոնք եւս մեծամասնութեամբ պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը:

Ճամբաներ Փակելու բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան եւ կը կատարուին մինչեւ օրս, սակայն ոստիկանութիւնը կը ցրէ ցուցարարները: Անցնող օրերուն ընթացքին Շարժումին միացման յայտարարութիւններ կատարեցին նոր եւ տարբեր քաղաքական դէմքեր եւ կազմակերպութիւններ, սակայն կարելի չէ ըսել թէ Շարժումը ստացաւ աւելի մեծ տարողութիւն:

Հիմնականին մէջ կարելի է ըսել՝ թէ Բագրատ Սրբազան կը մնայ միակ երեւցող ղեկավար անձնաւորութիւնը: Իր ետին կ’երեւին առաւելաբար Հ.Յ.Դ.-եան եւ Քոչարեանական դէմքեր: Հաւանաբար այս կը մնայ Շարժումին գլխաւոր տկարութիւնը: Հետզհետէ աւելի բարձրաձայն կ’արտայայտուին քննադատութիւններ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի մը բացայայտ կերպով քաղաքական դաշտ մտնելուն առնչութեամբ:

Այս բոլորին դէմ իշխանութեան ներկայացուցիչները մինչեւ օրս չունեցան պաշտօնական յատուկ վերաբերում մը, բացի մի քանի հարցազրոյցներու իրենց մասնակցութենէն:

Նոյնպէս արտաքին աշխարհէն եւ պետական օտար շրջանակներէն եւս մինչեւ օրս չեն կատարած յատուկ դրական կամ բացասական անդրադարձներ կամ վերլուծումներ «Տաւուշի Շարժման» մասին:

Այս թիւով կը բաւականանանք այսքանով մաղթելով, որ հանգուցալուծումը տեղի ունենայ շուտով եւ կառուցողական արդիւնքով: