Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-էն կը պահանջէ լուծարել ղարաբաղեան տագնապի լուծման երկարամեայ միջնորդ Մինսքի խմբակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ալիեւի պնդումով, հայկական կողմը այդ հարցին ընդդիմանալու պատճառ չունի:
«Եկած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ ատոր առնչուած բոլոր հիմնարկները վերացնելու ժամանակը: Ատրպէյճանական կողմը այդ հարցը արծարծած է, եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ հայկական կողմը համաձայն չըլլայ», ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար՝ Եան Պորճի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի բռնապետը:
Ալիեւ կրկին քննադատած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդած, որ եռանախագահներու հաստատութիւնը ծառայած է «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակման»:
Յիշենք, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը մէկ օր առաջ Հայաստան կը գտնուէր: Ան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Պորճ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ իրենք պիտի աջակցին Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, «որպէսզի կարենանք համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնիլ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին Մալթայի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր գործունէութեան 30 տարիներուն ընթացքին որեւէ ներդրում չէ ունեցած հայ-ատրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ»:
«Մենք կը կարծենք, որ կարիք չկայ պահպանելու այն մարմինները, որոնց լիազօրութիւնները սպառած են եւ որոնք իրենց բնոյթով հինցած են», աւելցուցած է ատրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:
«Մեր կարծիքով` երկկողմանի բանակցութիւններու գոյութիւնը դրական ձեւաչափ է: Վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք տարուած է: Իբրեւ դրական զարգացում, կարելի է նշել Ապրիլին երկու երկիրներու սահմանի հատուածի սահմանազատման հոլովոյթը եւ չորս գիւղերու վերադարձը», յայտարարած է Պայրամով:
Ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը իր կարգին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ը կը լսէ երկու կողմերը: Մենք պէտք է ընդունինք նոր իրողութիւնները: Յոյսով ենք, որ շուտով կողմերուն միջեւ համապարփակ եւ կայուն համաձայնագիր ձեռք պիտի բերուի»: