Ատրպէյճանի դատարանը յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգեց Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Արկադի Ղուկասեանի անօրինական կալանքը: Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Պինակատիի շրջանային դատարանը 14 Մայիսին բաւարարած է դատախազութեան համապատասխան միջնորդութիւնը:
Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, դատարան միջնորդութիւն ներկայացուած է Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող եւս երկու արցախցի նախկին պաշտօնատարներու կալանքի ժամկէտները երկարաձգելու հարցով, անուններ, սակայն, լրատուամիջոցը չի յայտներ:
Արկադի Ղուկասեանն ու Արցախի եւս 7 նախկին պաշտօնատարներ` նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը ատրպէյճանցի ուժայիններուն կողմէ ձերբակալուած եւ Պաքու տեղափոխուած են նախորդ տարուան սեպտեմբերեան զինուորական յարձակումէն ետք:
Անոնք Ատրպէյճանի մէջ կը մեղադրուին շարք մը ծանր յանցագործութիւններով: