Արարատ Միրզոյեան կը դատապարտէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժման միացած դիւանագէտները

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան դասալիք անուանած է այն դիւանագէտները, որոնք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցող սահմանազատման գործընթացը կը համարեն ոչ օրինական եւ հակասահմանադրական։ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին ուղղուած հարցումին, թէ տասնեակ դիւանագէտներ կը պնդեն, որ Ալմա-Աթայի հռչակագրին վրայ սահմանազատում իրականացնելը հակասահմանադրական է, արտաքին գործերու նախարարը ինչպէ՞ս կը գնահատէ այս դիրքորոշումն ու հնարաւո՞ր է, որ դիտարկուին նաեւ անոնց առաջարկները, Միրզոյեան պատասխանեց. «Ես ջանքեր եմ գործադրում հնարաւորինս չներքաշուել ներքաղաքական որոշ գործընթացների մէջ, բայց ես քաղաքական խումբի անդամ եմ եւ քաղաքական պաշտօն եմ զբաղեցնում։ Եւ նաեւ ջանքեր եմ գործադրում չանցնելու քաղաքական բանավէճի մէջ բարեկրթութեան սահմանները, բայց մի քանի չոր արձանագրում չանել չեմ կարող։

«Ձեր նշած փորձառու դիւանագէտները, հաւանաբար, այն դասալիքներն էին, ովքեր լքեցին իրենց պաշտօնները, իրենց բաժին հասած խրամատը բառացի այն նոյն օրերին, երբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ տեղի էր ունենում կամ ունեցել ռազմական յարձակում: Որեւէ կաթիլ լրջութիւն այս փաստի յիշատակումից յետոյ այդ մարդկանց եւ իրենց դիրքորոշումների նկատմամբ չեմ կարող ունենալ»,- յայտնեց արտաքին գործերու նախարարը։

Միրզոյեանի կարծիքով՝ սա ամենամեղմ գնահատականն է, որ կրնայ իրեն թոյլ տալ հնչեցնել, իսկ իրականութիւնը, իր կարծիքով, աւելի վատ է։

«Ականահարելով Ալմա-Աթայի հռչակագիրը եւ դրա հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը՝ այդ մարդիկ շարունակում են, վստահ չեմ կարող ասել գիտակցաբար, թէ ոչ, ականահարել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, պետականութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»,- եզրափակեց Միրզոյեան։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման շրջանակին մէջ ստեղծուած Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդի անդամ Վահագն Մելիքեանը Մայիս 12-ին տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին ներկայացուցած էր փաստաթուղթ՝ կապուած ՀՀ սահմաններուն զարգացումներու հետ եւ խաղաղութեան օրակարգի, մարտահրաւէրներու եւ առաջարկուող քայլերու մասին: