Հինգշաբթի՝ 23 Մայիս 2024-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հայաստանեան եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողով։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Ժողովի օրակարգով ընդգրկուած նիւթերը կը վերաբերէին հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, հասարակութիւնը յուզող հիմնախնդիրներուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առնչուած հարցերուն։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին օրերուն ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ հասցէին բարձրաձայնուող մեղադրանքներուն, որոնց առիթով ժողովը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ՀՀ իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներ, այդ թւում նաեւ վարչապետը, Տաւուշում սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքոյ կատարուող տարածքային միակողմանի զիջումների դէմ հանրային ընդվզման այս օրերին, վերստին սկսել են թիրախաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ հրապարակ նետելով տարատեսակ կեղծ յայտարարութիւններ եւ ճշմարտազուրկ տեսութիւններ՝ առնչուած Եկեղեցու պատմական առաքելութեանն ու ներկայ գործունէութեանը։
Առաւել քան զարմանալի է, որ մերկապարանոց մեղադրանքներ են հնչեցւում Եկեղեցու կողմից հարկեր չվճարելու առնչութեամբ, երբ պաշտօնական վիճակագրութիւնները ուղղակի փաստում են ՀՀ օրէնքով սահմանուած հարկային պարտաւորութիւնների կատարման մասին։ Յատկապէս դատապարտելի է, երբ կառավարութեան ղեկավարը անհիմն մեղսագրումներով եւ անսքող դիտաւորութեամբ Հայ Եկեղեցուն ամբաստանում է ինչպէս անցեալում, այնպէս եւ այսօր «ազդեցութեան գործակալ» լինելու մէջ։
Ցաւ ենք արտայայտում, որ գործող իշխանութիւնները Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններում առկայ խնդիրներն արծարծում են անվայելուչ իրենց հանգամանքին, նաեւ սպառնալիքների, ճնշումների եւ ապատեղեկատուութեան գործիքակազմերի օգտագործմամբ։
Հարկ է, որ ՀՀ իշխանութեան ներկայացուցիչները ազգի եւ հայրենիքի առջեւ իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ անդրադառնան Եկեղեցու պատմական հայրենաշէն ու ազգապահպան դերակատարութեանը, ինչն ամրագրուած է նաեւ ՀՀ Սահմանադրութեամբ, եւ վերատեսութեան ենթարկեն որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Աղօթում ենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւի մեր հայրենիքին, բարօրութիւն ու ապահովութիւն մեր ժողովրդին»։