Բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել յաղթանակի եւ անկախութեան խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձանները։ 26 Յուլիսին ատրպէյճանցիները քանդած են Բանանց գիւղի Հայրենական պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած «Արծիւ» աղբիւր-յուշարձանը, Այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն մշակութային ցեղասպանութիւն է, այլ նաեւ հոգեբանական ահաբեկչութիւն՝ նկատի առնելով այդ յուշարձանին առանձնակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար։ 13 Մայիսին karabakhrecords թելեկրամեան ալիքը հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց ուսումնասիրութեամբ ակնյայտ դարձաւ, որ ատրպէյճանական վանդալիզմի թիրախ դարձաւ Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի Հայրենական Մեծ պատերազմի եւ Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը։
Ատրպէյճանցի պղծարարները աւերած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքի յուշարձան-խաչքարը, Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս գիւղի աղբիւր-յուշարձանը՝ Ատրպէյճանի պետական վարչակարգի կողմէն իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան զոհ: Արցախի Մարտակերտի շրջանի Գետաւանի յուշարձանը՝ ատրպէյճանական պղծութեան թիրախ դարձած է։ Աւելին պղծուած է Շուշիի Նելսըն Ստեփանեանի անուան պուրակը, Ստեփանակերտի մէջ Ատմիրալ Իսաքովի կիսանդրին, Շուշիի մէջ ատրպէյճանցիները պղծած են ԽՍՀՄ քաղաքական գործիչ, Ընկերային աշխատանքի հերոս Յովհաննէս (Իւան) Թեւատրոսի (Ֆեոտորովիչ) Թէոսեանի կիսանդրին, Վազգէն Սարգսեանի արձանը, Արմենակ Խանփերեանցի կիսանդրին։