Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան: Այս մասին նշուած է պատրիարքութեան հետեւեալ յայտարարութեան մէջ.
«Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը օրերէ ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւի մայիս 28-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետի նկատմամբ անարգանքին եւ ցաւալի դէպքի արձագանգներուն:
«Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու զօրակցութեան արժեւորումը կասկած չի ձգեր, որ նման մտահոգիչ դէպքերը պէտք չէ կրկնուին:
«Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը կը մարմնաւորէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ անոր աշխարհասփիւռ հօտի խիղճի ու պաշտամունքի ազատութիւնը:
«Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը կը կիսէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներու դիրքորոշումը եւ հայկական աշխարհին մէջ յառաջացած վրդովումը` վերահաստատելով ամբողջական զօրակցութիւնը` ի նպաստ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ վեհափառին:
«Կ՛աղօթենք շարականի բառերով.
«Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա, եւ զերկպրագուս անուանդ քում պահեա ի խաղաղութեան. ամէն»: