Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան՝ Սերգեյ Կոպիրկինը խորհրդակցութենէն ետք շուտով կը վերադառնայ Հայաստան, յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցման մասին խօսք չկայ։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ «ՌԻԱ Նովոստի»–ին այս մասին ըսած է ՌԴ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Գալուզինը:
«Դեսպանին խորհրդակցութիւններու կանչելը սովորական դիւանագիտական գործընթաց է: Ճիշդ այս գործընթացի շրջանակներուն ալ Սերգեյ Կոպիրկինը կանչուած է խորհրդակցութիւններու: Մենք այդ խորհրդակցութիւնները անցուցած ենք: Ըստ այնմ, կը կարծեմ, որ շատ շուտով կարելի է սպասել, որ Սերգեյ Պավլովիչը կը վերադառնայ Երեւան եւ կը վերսկսի իր պարտականութիւնները»,- ըսած է փոխարտգործնախարարը:
Պատասխանելով երկրներու միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակի հնարաւոր պակսելու վերաբերեալ հարցին՝ Գալուզինը վստահեցուցած է, որ այդ մասին բացարձակապէս խօսք չկայ:
«Դեսպանին կանչած են խորհրդակցութիւններու, Ան հետ չէ կանչուած: Ռուսաստանը և Հայաստանը դաշնակիցներ են, ռազմավարական գործընկերներ»,–շեշտած է ան:
Ըստ փոխարտգործնախարարի՝ կ’ըլլան հակասութիւններ: «Բայց այդ չի նշանակեր, թէ մենք կը նուազեցնենք մեր յարաբերութիւններու մակարդակը»,–ըսած է ան:
ՌԴ ԱԳ նախարարութիւնն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Մայիսի 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան՝ Սերգեյ Կոպիրկինը հրաւիրուած է Մոսկուա՝ խորհրդակցութիւններու համար: