Ռուս սահմանապահները արդէն դուրս եկած են Ներքին Հանդի հատուածէն: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան:
Ճշդող հարցումին` իսկ մնացեալ հատուածներէ՞ն, Ղուկասեան պատասխանած է, որ հոլովոյթը կը շարունակուի:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 9 Մայիսին Մոսկուայի մէջ հանդիպումի ընթացքին համաձայնած էին ռուս սահմանապահներու Հայաստանի շարք մը մարզերէն դուրս բերման շուրջ:
Հայաստանի իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան քարտուղարը նոյն օրը յստակացուց, որ ռուսերը դուրս պիտի գան Ատրպէյճանի հետ սահմանակից Վայոց Ձորէն, Տաւուշէն եւ Սիւնիքէն, Գեղարքունիքէն, Արարատէն, սակայն, ծառայութիւնը պիտի շարունակեն հայ-թրքական եւ հայ-իրանեան սահմանին վրայ: