Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի դնէ տասնամեակներ տեւած տագնապին, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի փոխէ Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նամակ-ուղերձին մէջ, որ կարդացուած է Պաքուի մէջ Կասպեան քարիւղի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ:
Պայտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին այս ուղղութեամբ ջանքերուն եւ յաւակնութիւններուն, ձեռք բերուած հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւններուն: