Իմանկալի Թասմակամպեթով. «ՀԱՊԿ-Ը Հայաստանէն պարզաբանում կ’ակնկալէ անդամութեան վերաբերեալ»

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը Հայաստանի ղեկավարութենէն պարզաբանումներ կ’ակնկալէ ՀԱՊԿ-ի հետ կապերու հեռանկարին վերաբերեալ:

Ալմաթիի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին այդ մասին ըսած է կառոյցի գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

«Վերջին մէկ տարուան ընթացքին մեր հայ գործընկերները զգալիօրէն կրճատած են իրենց մասնակցութիւնը կազմակերպութեան միջոցառումներուն, սակայն փոխգործակցութեան հիմնական մեխանիզմները կը գործեն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։ Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը յստակութիւն պիտի հաղորդէ ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն առումով»,- ըսած է Թասմակամպեթովը:

Հայաստանը վերջին ժամանակաշրջանին չէ մասնակցած ՀԱՊԿ-ի կազմակերպած միջոցառումներուն ոչ պետութիւններու ղեկավարներու, ոչ պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ոչ ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու եւ ոչ ալ օրէնսդիրներու մակարդակով: